Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Յարաբերական Յանձնախումբ
Յարաբերական յանձնախումբը կը մասնակցի ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան, աշխատանք կը տանի, որպէսզի առաւելագոյն չափով ծանօթացնէ ԼՕԽ-ի կամաւոր եւբարեսիրական գործի նուիրական նպատակը։ Յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը մեկնակէտ ունի նաեւ նիւթական հասոյթ ապահովել Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան։
Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Յարաբերական Յանձնախումբ. Տարեկան Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ եւ թէ՛ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: Սակայն այս առաքելութիւնը թերաւարտ ու կիսատ պիտի մնար, երբ իրեն նեցուկ կանգնող բարերարներն ու ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ իրենց անմնացորդ լուման չզետեղէին ԼՕԽ-ի մարդասիրական գանձանակին մէջ: Այս առումով ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը…

Աւելին
«Մեր Քուէն Մեր Ժողովուրդին Ինքնութիւնը, Հայկականութիւնը, Ազատութիւնը Եւ Ամրութիւնը Ապահովելու Քուէ Է» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պրանչ, ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուներուն` Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Յարաբերական Յանձնախումբին Տարեկան Ձեռնարկը

Բարեսիրական ու մարդասիրական իւրաքանչիւր աշխատանք իրականութիւն կը դառնայ` հաւաքական ջանքերով, համադրական աշխատանքով, նիւթական, բարոյական եւ գործնական ճիգերու միաձուլումով: Այդպէս է պարագան նաեւ ԼՕԽ-ի բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութեան, որուն յաջողութեան համար հիմնական դերակատարութիւն ունի հայորդիներուն բարոյական ու նիւթական նեցուկը: Այս իրականութենէն մեկնած է, որ տարեկան դրութեամբ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը իր…

Աւելին
62.000 Ամերիկեան Տոլարի Նուիրահաւաք` Ի Նպաստ Լօխ-Ի Ծրագիրներուն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթի ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Ձեռնարկը իրագործուեցաւ շնորհիւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան, Ալիս Պօղոսեանի նախագահութեան եւ յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպութեան: Մեծաթիւ ներկաներ, ըլլան անոնք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, դեսպանատուներու, միութիւններու…

Աւելին
Վիճակահանութեան վիճակաձգութիւն (2016)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը կը կայանայ առաւելագոյն չափով հայ թէ օտար հանրութեան ծանօթացնել ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ բարեսիրական նպատակները, որոնց առընթեր մեկնակէտ ունի նիւթական հասոյթ ապահովել Շրջանային Վարչութեան: Յանձնախումբի 2014-2016 երկամեայ գործունէութեան վերջին ձեռնարկը եղաւ իր կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2016-ին…

Աւելին
Ձեռնարկ «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան յարաբերական յանձնախումբը աշխատանք կը տանի, առաւելագոյն չափով, ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի կամաւոր եւ բաեսիրական գործի նուիրական նպատակը հանրութեան, ինչպէս նաեւ հասոյթ ապահովելու Շրջանային Վարչութեան: Այս նպատակով, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Շաբաթ, 13 Փետրուար 2016-ին, Ռապիէի «Guest House» սրահին մէջ, «Սիրոյ Տօն»-ին առիթով, տեղի ունեցաւ յանձնախումբին կազմակերպած յատուկ հաւաքոյթը: Ներկայ էին…

Աւելին
Բոլոր լուրերը