Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Առողջապահական Յանձնախումբ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ տարիներէն (1930), առաջնահերթ նկատած է հայ ժողովուրդի առողջապահական կարիքներուն հասնիլը եւ առ այդ դարմանատուներ հաստատած՝ գաղութի հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը աւելի արհեստավարժ հիմերու վրայ դնելու համար, յաջորդական շրջանային վարչութեան կազմերը կարիքը զգացած են յառաջացնելու մասնագիտական յանձնախումբեր, որպէսզի աջակցին շրջանային վարչութիւններու աշխատանքին։

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան յառաջացուցած յանձնախումբերէն մէկն է, առողջապահականը։ 1995 թուականէն ի վեր, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբը սկսած է գործել ԼՕխ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի (Ա.Պ.Ը.Բ Կ), նախազգուշական բաժանմունքին հետ եւ այդ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Յանձնախումբը, իր բոլոր գործունէութիւնները կը ծրագրէ եւ կ’ իրագործէ «առողջ ապրելակերպ»ի գիտակցութիւն յառաջացնելու համար մեր ընկերութենէն ներս (awareness for healthy life style)։

Ցարդ սոյն նպատակով կատարուած են եւ կը կատարուին զանազան գործունէութիւններ. յիշենք անոնցմէ կարեւորագոյնները.-

  1. Բժշկական, հոգեկան եւ ընկերային նիւթեր շօշափող դասախօսական շարքեր շաբաթական դրութեամբ ինչպէս նաեւ կլոր սեղաններ ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար։ Ա.Պ.Ը.Բ.Կ-ի «Թնճուկեան» սրահէն ներս եւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերու ակումբներէ ներս։
  2. Դասախօսական տարբեր շարքերու արձանագրութիւնը տեսաերիզներու վրայ եւ զանոնք՝ տրամադրուած ԼՕԽ-ի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ անհատ փափաքողներուն։
  3. Առողջապահական գիտելիքներ եւ վիճակագրական տուեալներ պարունակող տարբեր գրքոյկներու եւ ուղեցոյց թերթիկներու պատրաստութիւն։
  4. Շտապ Օգնութեան եւ նախնական դարմանումի (First Aid) վերաբերեալ խտացեալ դասընթացքներ,Գաղութիս տարբեր,կազմակերպութիւններու,միութիւններու, վարժարաններու եւ…..
  5. Որոշ հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ կանուխ յայտնաբերման համար կատարուող արշաւներ։
  6. Երիտասարդական գիտաշխատանոցներ՝ (Workshop) ալքոլի եւ թմրամոլութեան դէմ պայքարելու համար յանձնառու անձերու պատրաստութեան համար, (կրթական եւ միութենական հաստատութիւններու եւ կազմերու երիտասարդութեան ուղղուած)։
  7. Առողջ սեռային դաստիարակութիւն ջամբելու համար կազմակերպուած դասախօսական շարքեր հայկական վարժարաններէ,պատանեկան,երիտասարդական միութիւններէ ներս։ Վերեւ յիշուած բոլոր աշխատանքները կը միտին սատարել, անհատին Ֆիզիքական , մտային եւ հոգեկան առողջութեան ինչպէս նաեւ հայ ընկերութեան բարելաւման։

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ. Դասախօսութիւն` Բռնածաղրի Եւ Անոր Հետեւանքներուն Մասին

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 15 մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բռնածաղր» (Bullying) նիւթով դասախօսութիւնը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք յանձնախումբի ատենապետ Զարմիկ Յովսէփեան արտասանեց բացման խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց…

Աւելին
Ռազմիկ Ազէզեան Դասախօսեց «Լիբանանի Ներկայ Իրադարձութիւններու Հակազդեցութիւնը Մարդուս Ներաշխարհին Վրայ» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին Չորեքշաբթի, Յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին երկրորդ նիւթը: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան…

Աւելին
Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Դասախօսեց «Երակներու ընդլայնում» (varice)» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց, որ…

Աւելին
Նախազգուշական Արշաւ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Առողջապահական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Iyamed դեղի ընկերութեան, ոսկորափտութեան (Օsteoporosis) նախազգուշական արշաւ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս, որմէ օգտուեցան յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող անձերը: ներկայ էին դեղի ընկերութեան ներկայացուցիչները եւ ԱՊԸԲ կեդրոնէն տոթք. Կարապետ Չպուքճեան…

Աւելին
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան Ներկայացուց «Լսողութեան Խանգարումներ Եւ Գլխապտոյտի Պատճառներ» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին տասներորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2019-ին, «Լսողութեան խանգարումներ եւ գլխապտոյտի պատճառներ» նիւթով: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ ականջի դերին ու կարեւորութեան, նաեւ` անոր վերաբերող…

Աւելին
Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը Ներկայացուց «Մորթի Տարիքային Փոփոխութիւններ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին չորրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Մորթի տարիքային փոփոխութիւններ»: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք ,Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը իր դասախօսութիւնը սկիզբը ըսաւ, որ երբ խօսինք տարիքի եւ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը