Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Կազմակերպչական Յանձնախումբ

Յանձնախումբը զարկ կու տայ անդամարշաւի՝ մասնաճիւղերու զօրացման նպատակադրումով, կը հետեւի մասնաճիւղերու գործունէութեան, արխիւային, դիւանական եւ միութենական հասկացողութեամբ։

Կը գործէ յատկապէս հերթական եւ ընդհանուր ժողովներու նախօրեակին, մօտէն հետեւելով անոնց գործունէութեան։ Յանձախումբը միշտ կը գործէ համաձայն նորօրեայ կարիքներուն եւ Պատգամաւորական ժողովներու ընթացքին տրուած որոշումներու հիման վրայ։ Յանձնախումբը կը պատրաստէ կազմակերպչական թերթիկներ հերթական ժողովներու ընթացքին ընթերցելու համար։

Յանձնախումբը ձեռնարկած է նաեւ, մասնաճիւղերու պատմականը ներկայացնող գրքոյկի մը պատրաստութեան:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Կենսատու Աւիշ ԼՕԽ-ի Կամաւոր Բանակին

Վերոյիշեալ խորագիրով է ահա՛, որ յունուար 2018-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին «Թերթիկներու գրքոյկ»-ը: Գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ հարիւր տասներեք (113) էջերէ եւ կը բովանդակէ ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին վերջին քսան տարիներու պատրաստած երեսունվեց (36) թերթիկները, որոնք ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն հրամցուած են մասնաճիւղերու հերթական ժողովներու…

Աւելին
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային կազմակերպչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի երդման յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին 175 հայուհիներ ուխտեցին սիրայօժար կերպով…

Աւելին
Կազմակերպչական թերթիկ թիւ 2

ԼՕԽի Շրջ. Վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբ Կազմակերպչական թերթիկ թիւ 2 Փետրուար 2017 Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 17 Նոյեմբեր 1999ին որոշում տուաւ 21 Փետրուարը մայրենի լեզուի օր հռչակել: Այս որոշումը կը միտի այն իրողութենէն, որ լեզուները հետզհետէ սխալ կը խօսուին եւ կը գրուին, այսինքն վայրէջքի մէջ կը գտնուին: Այս նկատառումով է ահա, որ ՄԱԿը կը թելադրէր ժողովուրդներուն, որ գուրգուրան իրենց մայրենի լեզուներուն վրայ:*…

Աւելին
Դիւանի Անդամներու Պարտաւորութիւնները, Պարտականութիւններն ու Իրաւունքները:

Լ.Օ.Խ.ի 57-րդ պատգամաւորական ժողովը, այլ որոշումներու կարգին, որոշում տուած էր՝ մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններու գործունէութիւնը աւելի հեզասահ դարձնել: Այս որոշումի իրագործման ճամբուն վրայ, ժողովը կը թելադրէր կազմակերպել հաւաքներ, որոնց ընթացքին բացատրել մասնաճիւղերու վարչութիւններու դիւանի անդամներու պարտաւորութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւունքները: Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումը իր…

Աւելին
Միութենական Փոքրիկ Բառարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբը 2001 թուականին ձեռնարկած էր Միութենական Փոքրիկ բառարանի մը պատրաստութեան ,որովհետեւ յաճախ միութենական բառամթերքը ճշգրտօրէն չ’օգտագործուիր: Բառարանին մէջ տեղ գտած են ժողովներու ընթացքին գործածուող բառեր իրենց համապատասխան բացատրութիւններով: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց, ԼՕԽ-ի դիմատետրով , շաբաթական դրութեամբ, հերթաբար ներկայացնել բառարանին բովանդակութենէն բառեր…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը