Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Գայեանէ Մասնաճիւղ

Ըստ հայոց պատմիչներուն, Հռոմի Ս. Պօղոս առաքեալի վանքին մէջ աղօթական կեանքով կ’ապրէին շուրջ 300 կոյսեր, որոնց մեծաւորուհին էր ՝ Գայեանէ անունով կոյս մը: Փոքր տարիքին այս վանքին մէջ կը մեծնար թագաւորական ծագում ունեցող սքանչելի գեղեցկութեամբ օրիորդ մը՝ Հռիփսիմէ անունով:

Հեթանոս կայսրը հմայուած Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն կ’ուզէր հետը ամուսնանալ. Կայսեր հետապնդումներէն փախչելով Գայեանէ եւ Հռիփսիմէ շուրջ 70 կոյսերու հետ կը ձգեն Հռոմը եւ կը հասնին ՝ Հայաստան. Ապա Հայոց մայրաքաղաքը Վաղարշապատ եւ կ’ապրին այգիներուն մէջ:

Կայսրը կը խնդրէ Հայոց Տրդատ Թագաւորէն որ գտնէ Հռիփսիմէն եւ ուղարկէ իրեն,: Տրդատ Թագաւոր կը յայտնաբերէ փախստական կոյսերը եւ, մեծ ցանկութեամբ լցուելով կ’ուզէ ամուսնանալ Հռիփսիմէի հետ. Սակայն կոյսերը կ’ընդիմանան,: Ի վերջոյ կը հարամայէ բերել Գայեանէն Հռիփսիմէն եւ 32 այլ կոյսերը աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկելէ վերջ գլուխները սուրով հատել կու տայ : Հետագային հայոց արքան դիւահար վ իճակի մէջ կ’աղաչէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին որ խոր վիրապէն ելլէ, եւ զինք բժշկէ :

Հայաստանեաց եկեղեցին Գայեանէն սրբուհի դասեց եւ Էջմիածնի վանքին կից՝ կառուցել տուաւ Ս. Գայեանէ եկեղեցին:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1977 –ին , կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ –ի ’’Աղբալեան’’ համալիրէն ներս :

Մասնաճիւղի շրջանն է Պէյթ-Գօգօ: Կը գործէ Հ.Յ.Դ ’’Հրայր Մարուխեան’’ կոմիտէութեան հովանիին տակ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի " Գայեանէ" մասնաճիւղի "Ընկերային Հանդիպում"

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի " Գայեանէ" մասնաճիւղի "Ընկերային Հանդիպում" ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Նաքքաշի «Հրայր Մարուխեան» ակումբէն ներս, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սալբի Աննաեանի։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Լիւսի Գարակաւուրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Յայտագիրը ճոխացաւ, Մասնակցութեամբ Պրն. Հրակ…

Աւելին
Մայրերու Օր Եւ Համբարձման Տօն

ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) վարչութեան Համբարձման Տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 22 Մայիս 2017-ին, «Տէյմէ» շքեղ ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութիւն ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Մանուէլեան կատարեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ…

Աւելին
ԼՕԽ.-ի «Գայեանէ» Մասնաճիւղի 40 Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գայեանէ» մասնաճիւղին (Պէյթ Գօգօ), Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Նահր Էլ Գալպ»ի «Holiday Beach»ի «Le Canoe» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, հիմնադիրներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
Կաղանդի Աւանդական  Ձեռնարկ (2015)

Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Անթիլիասի «Maison M» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) տարեկան աւանդական ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Տէմիրճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող…

Աւելին
Աւանդական Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽի «Պէյթ Գօգօ« շրջանի «Գայեանէ» մասնաճիւղի աւանդական կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 11:00 -էն սկսեալ «Քարքէթըլ Հաժ» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էր Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան եւ մեծ թիւով ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր, նիւթ ունենալով ցեղասպանութեան 100-ամեակը։ Յատկանշական էր «անմոռուկ ծաղիկ»ի…

Աւելին
Բոլոր լուրերը