Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Հայաշէն Մասնաճիւղ

Ջարդէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայութիւնը, հետզհետէ կը տարածուի Պէյրութի շրջակայքը դէպի Էշրէֆիէ եւ Պուրճ Համուտ:

Էշրէֆիէի բլուրներէն (քարմ էլ զէյթուն) կոչուած ընդարձակ հողաշերտին վրայ 1929-30ական թուականներուն կը կառուցուին քարաշէն տուներ: Շրջանը զուտ հայաբնակ ըլլալով պատասխանատուներ զայն կ’անուանեն Հայաշէն:

1937-ին կը հիմնուի Լ.Օ.Խ.- ի Հայաշէն մասնաճիւղը, երկար տարիներ ան կը ճանչցուի իր շրջանին անունով, իսկ հետագային Լ.Օ.Խ.-ի Շրջ. Վարչութիւնը երբ կ’առաջարկէ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ յատուկ անուն ունենայ, Հայաշէնցիք կ’ուզեն պահել իրենց Հայադրոշմ տեղայնական անունը եւ մասնաճիւղը դարձեալ կը կոչեն Լ.Օ.Խ.-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղ:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1937– ին :

Առաջին վարչութեան անդամներն են- ատենապետ՝ Սուրէն Գարաքէլլէեան, ատենադպրուհի՝ Արուսեակ Օհաննէսեան, Գանձապահ ՝ Մաքրուհի Թէճիրեան, Խորհրդականներ՝ Աննիկ Սինանեան, Լիբանուհի Տօնապետեան:

Կը գտնուի Էշրէֆիէ-ի մէկ բարձունքին վրայ, հայաշէն թաղամասը իր մէջ կ՛ընդգրկէ Սիուֆին, Ֆասսուհը, Սէսինը մինչեւ Սօտէքո :

Կը գործէ Հ.Յ.Դ-ի ”Ռոստոմ” ակումբին մէջ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի "Հայաշէն" մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2018-ին, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ`ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանի, ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ «Տեառընդառաջ» Տօնին Առիթով

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ , Երեքշաբթի 13 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով նախաճաշ-ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Իսկուհի Գաբլանեանի, հրաւիրեալներու եւ թաղեցիներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ.Շաքէ Պաղտասարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերելով վարչութեան աշխատանքները ներկայ էին ձեռնարկին: Ապա…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդեան տօներուն առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը , Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, ԼՕԽ-ական…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը՝ «Աշնանային Ձեռնարկ» տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30֊ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղիներէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներ, տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչ տիկիններ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ եւ հայաշէնցիներ…

Աւելին
80 Ամեակի Նշում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ, նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80 ամեակը, ներկայութեամբ ԼՕԽի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Մարալ Մխճեանի, Շրջանային վարչութենէն միութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ Սուրբ Սարգիսի Եւ Տեառնընդառաջի Տօներուն Առիթով

Լ.Օ.Խ.-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Սուրբ Սարգիսի եւ Տեառնընդառաջի տօներուն առիթով , 16 փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց ընկերային ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ՝ մասնաճիւղին մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն եւ հրաւիրեալներու։ Լ.Օ.Խ.-ին քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք…

Աւելին
Բոլոր լուրերը