Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Հեղուշ Փափազեան Մասնաճիւղ

Հեղինէ ծնած է Երեւան 1892-ին: Ազգային Հայրենասիրական մթնոլորտով ընտանիքի մը մէջ հասակ նետած է Հեղուշ, որոնց տունը ծանօթ եղած է իբրեւ Դաշնակցութեան տունը ուր ապաստան կը գտնէին դաշնակցական գործիչներ:

1905-1906-ին Հեղուշ կ’անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աշակերտական միութեան, կարմիր խաչ գաղտնի կազմակերպութեան,եւ եկսեռ երիտասարդութեան կազմակերպութեան:

Հեղուշ բժշկութիւն կ ուսանի Մոսկուայի համալսարանին մէջ: 1916-ին, Թիֆլիսի մէջ կ’ամուսնանայ, Կոմսի՝ Վահան Փափազեանի հետ: Կամաւորական շարժման ընթացքին ,Հեղուշ իր մասնակցութիւնը կը բերէ՝ կամաւորներուն կարիքները, հոգալով, եւ, մղիչ ոգին կը հանդիսանայ կիներու եւ օրիորդներու յանձնախումբերուն:

1918-ին, թրքական զօրքին Սարիղամիշ մօտենալուն պատճառով, հայերը կը սկսին նահանջել դէպի հիւսիսային Կովկաս: Հեղուշ կը հետեւի գաղթականներուն՝ բժշկական օգնութիւն հասցնելու: 1919-ի ամառը կը վերադառնայ Հայաստան:

Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն Կոմս իբրեւ պատուիրակ կ’երթայ Փարիզ, իսկ Հեղուշ կը մնայ Երեւան: 1922-ին Փափազեանները կը հաստատուին Փարիզ: Փարիզի մէջ Հեղուշ Փափազեան կը մասնակցի կապոյտ խաչի կազմակերպական աշխատանքներուն: Իսկ 1930-ին, Կոմսի նախաձեռնութեամբ հիմը կը դրուի Հայ Օգնութեան Խաչի Պէյրութի մասնաճիւղին,: Աւելի ուշ, հիմը կը դրուի Լ.Օ.Խ.ի Քարանթինայի դարմանատան:

Կեանքի վերջին շրջանը կ’անցնէ Պէյրութ եւ կը նախաձեռնէ գաւարական տարազներու նկարագրական աշխատանքին: կը մահանայ 1983 Ապրիլին:

Հիմնուած է 1979-ին , Ռաուտաեի շրջանին մէջ:

Առաջին վարչական կազմն է՝ Մարի Քէշիշեան ( ատենապետուհի), Բրաբիոն Կապաճուզեան ( փոխ ատենապետուհի), Ալիս Թէմպէլեան(քարտուղարուհի), Ովսաննա Ալաճանեան(հաշուապահուհի), Մարգրիտ Ղազարեան, Սիրվարդ Թութուշեան, Անժէլ Պոնոյեան, Ռիթա Թապագեան ( խորհրդականներ):

Ան կը գործէ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ակումբին մէջ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, շրջանի ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, ԼՕԽ-ական եւ քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա) Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2018-ին, շրջանի ակումբէն ներս: Ձեռնարկը կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել: Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվի Առաքելեան: Ձեռնարկը ընթացաւ երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Զգալի…

Աւելին
Կաղանդ Պապուկի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էհլանի» հանդիսասրահէն ներս կատարեց Կաղանդ Պապուկի ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ, Մարիա Չոլաքեան, ընկհ. Մակի Խաչերեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, անդամուհիներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի « Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս կատարեց նախաճաշի ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհ, Մարիա Չոլաքեանի, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօսի Յակոբեան…

Աւելին
«Մայրերու Օր»ուան Նուիրուած Ձեռարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ռաուտա) Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, «Ռաուտա»յի հանդիսասրահին մէջ տօնեց «Մայրերու Օր»ը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան, բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեանին, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն: Ան իր…

Աւելին
Փոքրիկներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

Սուրբ Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կացմակերպած փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2017-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք, անոնց բաժնուեցան գունաւոր հաւկիթներ, եւ տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Հասաւ ճերմակ նապաստակը: Ան խաղաց, պարեց, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ բաժնեց Զատկուան…

Աւելին
Բոլոր լուրերը