Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Հռիփսիմէ Սասունի Մասնաճիւղ

Լոլա Սասունի անունով՝ Հռիփսիմէ: Ծնած է Բինկեան 1883ին: 1910-ին կը մտնէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը եւ իբրեւ ծածկանուն կ’ընտրէ Լոլա անունը: 1913-14ին Լոլա մաս կը կազմէ, Համազասպի զինուորական խումբին:

1916 Օգոստոսին, Լոլա կը միանայ ֆետայիներու խումբին:Կը ստանձնէ որբանոցներուն ղեկավարութիւնը : Կ’ամուսնանայ Կարօ Սասունիին հետ: եւ 1918 ին կը հաստատուի Երեւան, կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, Լոլան կ’աշխատի Հայաստանի կարմիր խաչ կազմակերպութեան հետ : 1925-ին կը հաստատուի Փարիզ: 1934-ին Փարիզէն կը փոխադրուի Գահիրէ, ապա Հալէպ եւ կը գլխաւորէ ՕգնութեանՄիութեան վարչութիւնը: 1937-ին կը փոխադրուի Պէյրութ եւ մինչեւ իր մահը կը վարէ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան գործերը:

Երկրորդ Աշխարհամարտի դժնդակ օրերուն, 1942-ին Ջաւօ Շանթին հետ միասին կը հիմնեն «Պնակ մը կերակուր»ի ձեռնարկը: Լ.Օ.Խ.ի աշխատանքներու ծիրին մէջ կը ձեռնարկէ դարմանատուներու բացման: 1954-ին կը հիմնէ Շթորայի կազդուրման կայանը:

1969-ին իր մահկանացուն կը կնքէ իր տան մէջ: Անոր աճիւնը ամփոփուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պանթէոնին մէջ:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1971 –ին, Ֆանարի շրջանին մէջ :

Հիմնադիր ընկերուհիներէն են ՝Գարուն Սագոյեան, Մարի Պօղոսեան, Սաթենիկ Գասպարեան, Սրբուհի Եարտըմեան, Երան Քէշիշեան, Թագուհի Տէմիրճեան:

Կը գործէ “Էտկար Ակնունի“ ակումբէն ներս:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Լ.Օ.Խ-ի "Հ.Սասունի" Մասնաճիւղի պտոյտը

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան, Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ-ի "Հ.Սասունի" Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած պտոյտը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին։ Ներկայութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Մակի Թոմասեանի, " Է.Ակնունի" կոմիտէի կողմէ ընկերներ, Հ.Մ.Ը.Մ-ի Վարչութեան ներկայացուցիչ, Սուրբ Երրորդութիւն Մատրան տիկնանց յանձնախումբ, լօխական ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ բարեկամներ։ Առաջին…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի մտերմիկ հաւաք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք, ներկայութեամբ ՀՅԴ «Է.Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկ. Րաֆֆի Տէմիրճեանի, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի եւ Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ` Տէր Միքայել Քհնյ. Տէմիրճեանի։ «Տէրունական աղօթք»-էն ետք, Քահանայ հայրը…

Աւելին
Փոքրիկներու Յատուկ Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած փոքրիկներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» ակումբէն ներս: Ձեռնարկի բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարինա Փաչանեան: Ան բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթեց փոքրիկներուն, ապա հրաւիրեց «Բարեւ Փոքրիկներ» խումբը, որ խաղերով եւ անակնկալներով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ: Կաղանդ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի»ի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ աջակցութեամբ Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» կոմիտէին, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ, ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղը մեծ հանդիսութեամբ նշեց հիմնադրութեան 45-ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը, «Էտկար Ակնունի» կոմիտէն, շրջանի ազգային կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչները, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ…

Աւելին
Համբարձում Եւ Մայրերու Օր

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, այցելութիւն մը տրուեցաւ Լիբանանի սրբավայրեր՝ «Ռաֆքա», «Հարտինի» եւ «Շարպէլ»: Յիշատակուեցան Համբարձման թէ՛ Մայրերու զոյգ տօները, ճոխ յայտագրով: Երկուշաբթի, 22 Մայիս 2017-ին, ի պատիւ հայ մայրերուն, վարչութիւնը յատուկ հրաւէրով համախմբեց շրջանի անդամուհիները Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի (Ֆանար) վարչութիւնը Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ձեռնարկեց իր անդրանիկ հաւաքոյթին՝ «ֆուլկերոյթ»ի մը, որ կայացաւ «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Շատ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Մասնաճիւղի ատենապետուհիին բացման խօսքէն ետք, կատարուեցան ԼՕԽ-ական գիտելիքներու վերաբերող հարց ու պատասխան եւ այլ խաղեր: Շահողները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Երգը, պարն ու…

Աւելին
Բոլոր լուրերը