Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Ջաւօ Շանթ Մասնաճիւղ

Ջաւօ Շանթ բարձրագոյն կրթութեամբ օժտուած կին մըն էր. որ ունէր գրական եւ գիտական բազմակողմանի ծանօթութիւններ:

Ջաւօ Շանթ 1903-ին կ’ամուսնանայ Լեւոն Շանթի հետ: Իր կեանքը կը կապէ մեծանուն գրագէտին, կ’ապրի մտաւորական ընտանիքի շրջանակին մէջ եւ կը յարգուի բոլորէն: Իր հասարակական գործի փայլուն շրջանը կը սկսի 1910-ին Պոլսոյ մէջ, ուր Սաթենիկ Օհանջանեանի հետ կը նուիրուի Աշխատանքի Տան Կազմակերպութեան: Ջաւօ Շանթ, կը կազմէ Դաշնակցական Տիկնաց խումբ մը, որ բացառաբար կը լծուի կանանց Կազմակերպութեան գործին: Այս խումբի նախաձեռնութեանբ հիմը կը դրուի Պոլսոյ Աշխատանքի Տան:

1911-1913-ին քանի մը տարուան անձնուէր աշխատանքին մէջ Ջաւօ եւ իր ընկերուհիները նոր հետաքրքրութիւն մը յառաջ կը բերեն Պոլսական միջավայրին մէջ եւ կը մղեն իգական սեռը դէպի հասարակական աշխատանքը: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը հաստատուի Երեւան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ 1921-ին կ’անցնի արտասահման, Եւրոպա, ապա Եգիպտոս եւ վերջապէս Հալէպ եւ վերջնականօրէն կը հաստատուի Պէյրութ:

Ջաւօ Շանթ 1924-ին կարգ մը ընկերուհիներու եւ տիկիններու հետ հիմը կը դնէ Ֆրանսայի Հայ կարմիր Խաչին, որ յետոյ Կապոյտ Խաչ կը կոչուի: Կանացի այս կազմակերպութիւնը քանի մը տարուան ընթացքին կը ծաւալի, կեդրոն ունենալով Փարիզը: Ջաւօ Շանթ տասը տարի իր աշխատութիւնը կը բերէ օգնութեան գործին, միշտ գտնուելով կեդրոնական վարչութեան մէջ: 1936-էն ետք Ջաւօ Շանթ աշխատանքի կը լծուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ օգնութեան խաչերու մէջ:

1942-ին համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, Լոլա Սասունիի հետ կը հիմնեն «Պնակ մը կերակուր»ի ձեռնարկը:

1938-ին Գարնթինայի շրջանի մէջ կը հիմնէ Լ.Օ.Խ.-ի առաջին դարմանատունը: 1945-ին երկար հիւանդութենէ ետք կը մեռնի:

Հիմնուած է 1984-ին, Տըքուէնիի շրջանին մէջ:

Առաջին վարչական կազմն է՝ Սալբի Բակլայեան, Մարի Թահմիզեան, Նուարդ Պէրպէրեան, եւ Արփի :

Ան կը գործէ Վերոնիքա Մարտիրոսեանի կողմէ կտակուած յարկաբաժինին մէջ, Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան հովանիին տակ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Հուրի Պաժիկեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, կատարեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին…

Աւելին
Պտոյտ դէպի Զահլէ եւ Այնճար

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ շրջապտոյտ մը դէպի Զահլէ եւ Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Յուլիս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտուն, պտոյտին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Պէքաայի Զահլէ քաղաքը: ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց զիրենք…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տըքուէնի) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, հիւրերու եւ անդամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր գէորգեան, կատարեց ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան շնորհակլութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ տիկին…

Աւելին
Մայրերու Օր եւ Համբարձում

Կազմակերպութեամբ՝ Տքուէնի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի,10 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուան եւ Համբարձման զոյգ տօներուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա խուստեքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
«Միջինք»

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տիգուէյնի) կազմակերպած «Միջինք»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Այտա Խուստէքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր…

Աւելին
Բոլոր լուրերը