Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Նայիրի Մասնաճիւղ

14-11-րդ (ն.ք.) դարերուն Վանայ լիճի աւազանին, յատկապէս անոր հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ կ’ապրէին բազմաթիւ ցեղեր: Անոնք կը միանային՝ Ասորեստանի կողոպտիչ արշաւանքներուն դէմ պաշտպանուելու համար: Ցեղերու այդ դաշնակցութիւնը կը կոչուէր Նայիրեան, իսկ երկիրը Նայիրի, Վանայ լիճը եւս այդ շրջանին կը կոչուէր Նայիրի ծով: Ասորեստանի թագաւորներէն մնացած սեպագիրներէն ի յայտ կուգայ որ Նայիրի միութիւնը 20,40 եւ մինչեւ 60 ցեղերէ բաղկացած ուժեղ կազմաւորում մըն էր: Նայիրի երկրի մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ կուտայ Ասորեստանի Թիկլատ-Պալասար Ա. Թագաւորին (1115-1077) տարեգրութիւնը: Ան երեք արշաւանքներ կը կատարէ եւ Տիգրիսի ակունքներէն կը հասնի մինչեւ ճորոխ գետի աւազանը: Իրեն դէմ դուրս կուգան Նայիրի ցեղային միութեան զօրքերը: Ճակատամարտը վերջ կը գտնէ Նայիրցիներու պարտութեամբ:

Ասորեստանեան միւս արձանագրութիւններէն յայտնի կը դառնայ, որ Նայիրեան ցեղերու տնտեսութեան հիմքը երկրագործութիւնն էր, մասնաւորաբար անասնապահութիւնը: Մարտակառքերու զէնքերու եւ տարուած աւարի մասին եղած վկայութիւնները ցոյց կուտան նաեւ արհեստներու գոյութիւնը: 11-10-րդ (ն.ք.) դարերուն Նայիրի տեղը կը գրաւէ Ուրուատրի (Ուրարտու) ցեղային միու թիւնը: Ան կը բաղկանար ութ ցեղերէ եւ կը գտնուէր Վանայ լիճի հարաւ արեւելեան տարածքին:

Հիմնուած է 1962-ին , Պէյրութի Անթիլեաս շրջանին մէջ: Հիմնադիր վարչական կազմն է . Մարի Սէթեան, Մարի Ռոզ Գալայճեան, Գաթրին Գըլըճեան, Էլիզ ուտէշեան, Շաքէ Թոքաթլեան, Վարդ Սիսեռեան, Կատար Գրիգորեան, Անգինէ Չոլաքեան:

Մասնաճիւղը կը գործէ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի հովանիին տակ եւ իր ժողովները կը գումարէ ՀՄԸՄ-ի « Աղբալեան» համալիրին մէջ, ուր սենեակ մը տրամադրուած է իրեն:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի "Նայիրի" մասնաճիւղի ընկերային հանդիպումը

ԼՕԽ-ի "Նայիրի" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի, "Աղբալեան" Համալիրի "Հուրի Պապիկեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Թալին Ուրիշեանի։ Օրուան պատգամը փոխանցեց ճիւնիի "Սուրբ Յարութիւն" եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տէր Սարգիս Աւագ քահանայ Սարգիսեան, որ ներկայացուց Մեծ Պահոց շրջանի նպատակը, ապա օրհնեց ձեռնարկի ճաշը։ Տեղի ունեցան…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Քահուաթ Ալսըթ» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդամուհիներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած «Կաղանդի Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի «Աղբալեան» համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, սրահի բարերար՝ տիկին Հուրի Պապիկեանի, ՀՕՄ-ի նախկին ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Մինասեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, անդամուհիներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին դէպի Ժպէյլի «Շամսին» փուռը, ուր մասնակիցները ունեցան իրենց նախաճաշը: Ապա շարունակեցին դէպի Թաննուրին վայելելու Պալուու Պալաա բնական տեսարժան վայրը, Տումայի՝ հին շուկան եւ…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Մայիս 2017-ին, Via Venue ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ, քոյր մասնաճիւղերու նեկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան, բարի գալուստի խօսքը…

Աւելին
Պահքի Աւանդական Հանդիպում

Լ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած Պահքի Աւանդական Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2017-ին, «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը