Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Ռուբինա Մասնաճիւղ

Ծնած է Թիֆլիս, 1881-ին բարեկեցիկ եւ կալուածատէր, ընտանիքի մը մէջ: Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք՝ կ’անցնի Պաքու, որ 1890-ական թուականներուն իր յեղափոխական եւ ազգային մթնոլորտով խոր տպաւորութիւն կը ձգէ իր վրայ: 1905-ին կ’անցնի Պուլկարիա եւ կը մասնակցի Սուլթան Համիտի դէմ տեղի ունենալիք մահափորձի պատրաստութեան: 1905-ին կ’անցնի Թիֆլիս: 1908-ին երբ կը հռչակուի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Ռուբինա կ’անցնի Պոլիս եւ մեծ խանդով իր մասնակցութիւնը կը բերէ կազմակերպական կեանքին: Բայց այս անգամ եւս կեանքը չի խաղաղիր, եւ Ռուբինա Համօ Օհանջանեանի ձերբակալման լուրը իմանալով՝ կը վճռէ վերադառնալ Կովկաս:

20 Մարտ 1912-ին չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուած Համօ Օհանջանեան կ’աքսորուի Սիպերիայ հիւծած եւ հիւանդ վիճակի մէջ: Ռուբինա նաեւ կ’երթայ Սիպերիայ զինք խնամելու համար: Հոն է որ Ռուբինա Արէշեան կ’ամուսնանայ Հ. Օհանջանեանի հետ եւ կը դառնայ Ռուբինա Օհանջանեան:

1915-ի Ռուս Թրքական պատերազմի առիթով ներման կ’արժանանան Հայ քաղաքական աքսորականները: Համօ Եւ Ռուբինա կը վերադառնան Թիֆլիս, ապա կ’անցնին Վան, Վասպուրականի Հայութեան բժշկական օգնութիւն հասցնելու համար: Հայաստանէն դուրս եկող մտաւորականութեան հետ, դուրս կուգայ նաեւ Ռուբինա Օհանջանեան: Իր ամուսինին: Համոյի հետ կը հաստատուի Գահիրէ ուր կը շարունակէ իր հանրային, կուսակցական գործունէութիւնը:

Հիմնադիր անդամներէն մԷկն է Համազգայինի Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան: Մասնակից է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներուն: 1960-ական թուականներուն կ’անցնի Գանատա, ուր կը մահանայ 21 Ապրիլ 1971-ին:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1947-ին, Նորաշէնի (Թիրօ) շրջանին մէջ, որ կը տարածուի Պուրճ Համուտի գետափէն մինչեւ Տորայի շրջան:

Առաջին վարչութեան կազմի դիւանն էր , ատենապետուհի ՝ Մարի Կիւլեսերեան, ատենադպրուհի՝ Մարի Ֆուճուրեան:

Վարչութիւնը կը գործէ ՀՅԴ «Ռուբէն Կոմիտէի» հովանաւորութեան տակ , եւ իր ակումբին մէջ:

Մասնաճիւղը ունեցած է նաեւ ընկերային ծառայութեան կեդրոն մը , ուր նուիրեալ ընկերուհիներ կ՛աշխատէին անձերու դժուարութիւնները լուծելու :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Լ.Օ.Խ.-ի «Ռուպինա» մասնաճիւղի պտոյտը

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Լ.Օ.Խ.-ի «Ռուպինա» մասնաճիւղը կազմակերպեց պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2026-ին: Առաջին հերթին ընկերուհիներն ու բարեկամներ Լ.Օ.Խ.-ի մեծ ընտանիքին այցելեցին «Սէյիտէթ էլ Նուրիյէ» եկեղեցին, ուր կոկիկ հիւրասիրութենէ ետք, իրենց պտոյտը շարունակեցին դէպի «Սէյիտէթ էլ Նաթուր» եկեղեցին: Ապա անոնք այցելեցին «Մարիա Կորէթթի» եկեղեցին եւ իրենց պտոյտին վերջին հանգրուանը…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի «ՌՈՒԲԻՆԱ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 70-ԱՄԵԱԿ

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, հիմնադրութեան 70-ամեակը նշուեցաւ, ,White Towerե ճաշարանին մէջ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գաթրճեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ 70 տարիներ առաջ, նուիրեալ ընկերուհիներու անխոնջ աշխատանքով ու ճիգով հիմնուած «Ռուբինա» մասնաճիւղը գոյատեւեց, կանգուն մնաց եւ իր սրբազան առաքելութիւնը…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Նուր Պէյրութ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեանի, Տիկին Ալիս Պօղոսեանի, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ ընկերուհինիրու, հրաւիրեալներու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, Տիկին Ալիս Պօղոսեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ, հիւրեր եւ բարեկամուհիներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) նորընտիր վարչութեան կազմակերպած առաջին ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Աննա Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, շրջանի ընկերուհիներուն եւ…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնին Առիթով

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նորաշէնի «Ռուբէն» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուհի Գաթարճեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց…

Աւելին
Բոլոր լուրերը