Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Շուշանիկ Մասնաճիւղ

Շուշան կամ այլ անունով Վարդուհի, երիցագոյն դուստր էր Վարդան Մամիկոնեանի: Ս. Վարդան իր Դիւստրիկ կամ Դստրիկ կնոջմէն ունեցաւ երկու աղչիկներ, կրտսերը՝ Վարդանոյշ իսկ երեցը՝ Վարդանուհի կամ Վարդուհի, որ կոչուեցաւ նաեւ Շուշան կամ Շուշանիկ եւ ամուսնացաւ վրացիներու Վազգէն Բդեշխին հետ: Վարդանանց նահատակութենէն յետոյ Վազգէն գնաց պարսից թագաւորին մօտ եւ քրիստոսը ուրացաւ:

Սրբուհի Շուշան սուգի մէջ ինկաւ, սկսաւ խրատել իր ամուսինը, որ մնաց անդրդուելի, ուստի խզեց իր կապերը ամուսինին հետ, մտածելով որ գուցէ կը զգաստանայ: Սակայն Վազգէն որոշած էր իր կինն ալ անաստուածութեան դարձնել: Շուշանիկ քաջաբար դիմադրեց նախընտրելով մահը քան Քրիստոսէն հեռանալը: Վեց տարիներ շարունակ Վազգէն դահիճի մը նման ծեծով եւ կապանքներով չարչարեց զինք:

Շուշանիկ արիաբար կը տանէր բոլոր չարչարանքները միշտ փառք տալով Աստուծոյ, մինչ անհաւատ եւ գազանամիտ ամուսինը աւելի կը կատղէր տեսնելով Շուշանին համբերութիւնը: Եօթ տարի չարչարուելէ ետք, Շուշանիկ մահացաւ 45 տարեկան հասակին:

Բազմաթիւ քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ արժանի փառքով տարին զինք եւ թաղեցին Վրաստանի մէջ՝ իբրեւ իրենց թագուհին, Ք.Ե. 458 թուականին.

Մասնաճիւղը Հիմնուած է 1948 -ին , Թրատ թաղին մէջ :

Առաջին վարչական կազմը կը բաղկանար հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Պերճուհի Հայրապետեան՝ ատենապետուհի , Պերճուհի Յարութիւնեան՝ քարտուղարուհի, Վարդուհի Եահնիեան ՝ Գանձապահ, Պերճուհի մըսըրլեան, Սիրանոյշ Գաբրիէլեան, Պերճուհի Հինդլեան, Պերճուհի Այվազեան եւ Ազնիւ Մկրտիչեան ՝ խորհրդականներ :

Կը գործէ “Նիկոլ Դուման” ակումբէն ներս :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-Ի «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ  70-ԱՄԵԱԿ

Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Ընգապապեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի 70-ամեայ գործունէութեան, անխոնջ աշխատանքին, նուիրումին եւ զոհաբերութեան: Խօսքի…

Աւելին
Աշնանային Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան(Թրատ) կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ ԼՕԽ-ի Քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Անի Գէլխաչերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ նեցուկին համար, որոնց շնորհիւ…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի «Այն Պարուք»

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Շուշանիկ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր գործունէութեան որպէս առաջին ձեռնարկ կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Պարուք», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Թրատ) վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը «Մայրերու Օր»ուան առիթով դէպի Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մայիս 2017-ին: Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ: Շթորայի «Թաանայէլ« ագարակին մէջ…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Նիկոլ Դուման ակումբի սրահին մէջ կազմակերպեց ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ըսելով, որ…

Աւելին
Մայրերու Օր

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «White Tower» պանդոկի «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեանի, հրաւիրեալներու, ընկերուհիներու…

Աւելին
Բոլոր լուրերը