Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Շուշի Մասնաճիւղ

Տասնամեակներէ ի վեր ազերիական քաղաքի վերածուած, սակայն այսօր Հայ գիւղացիներով յորդող ու Հայկականացած Շուշին, կը գտնուի Ղարաբաղի լեռնաշղթայի նախալեռներուն մէջ, Գորիս – Ստեփանակերտ խճուղիին վրայ, Ստեփանակերտէն 11 ք.մ. հեռաւորութեամբ: Ան կը նմանի դիտակէտի, որ բարձունքի վրայ նստած կ’իշխէ շրջապատին՝ շրջապատուած անդնդախոր կիրճերով:

Ներկայիս, վեց հազար բնակիչներով օժտուած Շուշին, ունի մանկավարժական եւ երաժշտական ուսումնարաններ, գրադարաններ, մշակոյթի տուն եւ կաշիի գործարան: Ան գորգագործութեան կեդրոն է եւ Ղարաբաղի մետաքսի գործուածքային արտադրամասը հոն կը գտնուի:

1988-ին կը պայթի Արցախեան պայքարը, շնորհիւ հազարաւոր նահատակներուն, Արցախը կը թօթափէ Ազրպէյճանի լուծը, որով ծնունդ կ’առնէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը:

Արցախի տառապող հողին համար թափած արիւնները, կ’ոռոգեն նաեւ անոր նշանաւոր քաղաքներէն՝ Շուշիի հողը եւ 8 Մայիս, 1992-ին առանձնացած Շուշի եւս խաւարէն կը յայտնուի լոյս աշխարհ: Հակառակ իր բարձր ու դժուար հասանելի դիրքին, հայ ֆետայիները ամէն ջանք ի գործ դնելով կը հասնին հոն եւ իրենց ոտքերը կը հանգչեցնեն Շուշիի փափուկ հողին վրայ, ողջ հայութեան դիմաց բանալով դրախտի նոր դարպաս մը: Այսպիսով, Շուշին կրնանք համարել այն հերոսական քաղաքը, որ դարձած է երիտասարդութեան գործնական պայքարի դաշտը: Անոր ազատագրումով, Հայ դատի պայքարը նոր նուաճում մը կ’արձանագրէ, տոգորելով Հայոց սրտերը յոյսով եւ փայլուն ապագայի տեսլականով:

Հիմնուած է 1937 –ին :

Առաջին վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Լուսին Հայթայեան՝ Ատենապետուհի, Նուէր Բալուլեան՝ատենադպիր, Սաթենիկ Միքայէլեան՝ Գանձապահ, Ազատուհի արշակունի եւ Ազատուհի Թուրսարգիսեան՝ խորհրդականներ :

1975-ին ”Զահլէի” մասնաճիւղը կը միանայ” Շթորային ”եւ կը կոչուի” Զահլէ-Շթորա” Մասնաճիւղ: Հետագային կը կոչուի ”Շուշի”:

Ան կը գործէ Զահլէի հայ կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ ”Արամ” կոմիտէի հովանաւորութեան Տակ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Կաղանդի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցաբար շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, Զահլէի «Հայ կեդրոն»ին մէջ, Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երեխաներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկ: Կեդրոնին մէջ կը տիրէր բացառիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ, զոր ստեղծած էին շրջանի փոքրերը իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար : Տիկ. Լիզա Հէքիմեանի հետ ժամանած կերպարները, ներկաներուն ստեղծեցին ուրախ պահեր. երգեցին…

Աւելին
Ձեռնարկ Միջինքի Առիթով

Երկու հարիւր ներկաներու համար ուրախալի պահ էր գտնուիլ Լ.Օ.Խ.-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան Միջինքի առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթին, «Քատիրի» պանդոկի «Քրիստալ» սրահին մէջ: Արդ, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Ապա վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ֆիմի Տէմիրճեան, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Զահլէի մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2016-ին, Զահլէի «Հայ Կեդրոն»ը ապրեցաւ կաղանդի մթնոլորտ մը: Արդ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ հաւաքուեցան շրջանէն 50 փոքրիկներ: Անոնք վայելեցին ներկայութիւնը հանդիսավար՝ տիկին Լիզա Հէքիմեանի, որ իր շուրջ համախմբեց երեխաները զուարճացնելով զանոնք, իր պատրաստած խաղերով: Ձեռնարկի աւարտին, Կաղանդ Պապուկը այցելեց…

Աւելին
«Շուշի» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Զահլէի «Թիլալ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Տէր եւ Տիկին Յարութ Քիւրիւմեանները, հայ եւ օտար հիւրեր, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու…

Աւելին
Միջինքի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան (Զահլէ), Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին կէսօրուան ժամը 12։00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Միջինքի հաւաքոյթը, «Թիլալ» ճաշարանին մէջ։ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Մարկօ Բարսեղեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցողիկ…

Աւելին
«Շուշի» Մասնաճիւղի Միջինքի Ձեռնարկին

11 մարտ 2014-ին Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի Միջինքի առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին 160 հոգիներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Այտա Ճորճ Գասարճի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Այնճարի Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարկօ Բարսեղեան: Ան բարի գալուստ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը