Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Արցախ Մասնաճիւղ

Ղարաբաղի մակերեւոյթը առհասարակ լեռնային է: Անոր սահմաններէն են, Սեւանայ լիճը, Արաքսի հովիտը, պատմական Ուտիք նահանգը: Ներկայիս Ղարաբաղի հանրապետութեան տարածութիւնն է 10.000 քառ. Քլմ: Ղարաբաղ ունի վարչական հինգ շրջաններ Հատրութ, Մարտակերտ, Մարտունի, Ասկերան եւ Շուշի: Մայրաքաղաքն է Ստեփանակերտ:

4-րդ դարուն, Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմը կը դնէ Արցախի առաջին հայ եկեղեցիին: 5-րդ դարուն Մեսրոպ Մաղտոց կը հիմնէ առաջին հայ դպրոցը:

451 թուականին, Վարդանանց հերոսամարտին, Արցախ կը բերէ իր ամբողջական մասնակցութիւնը:

17րդ դարու վերջաւորութեան Հայաստանի մէջ կը սկսի հայ ազատագրական շարժումը Ղարաբաղէն, Իսրայէլ Օրի Ղարաբաղի իշխաններէն կը դառնայ Հայ ազատագրական շարժումի առաջին գործիչը:

Ապա Դաւիթ Պէկ Իր գլխաւոր օգնականներով Մխիթար Սպարապետ. Ստեփան Շահումեան եւ Աւետիք քահանայ: Ազատագրական Պայքարը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

1992-Մայիս 8-ին կ’ազատագրուի Շուշին: Կ’ազատագրուի նաեւ Բերդաձորը եւ Լաչինի անցքը,

Լ.Ղ.Հ. կ’ունենայ իր պետական դրօշը, զինանշանը եւ քայլերգը: 1998-ին Հայաստան տէ ֆաքթօ կը ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Հիմնուած է 1991-ին « Ռապիէյի » շրջանին մէջ :

Առաջին վարչական կազմը բաղկացած է՝հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Արշալոյս Տիապ՝ատենապետուհի, Անժէլ սապունճեան՝ փոխ ատենապետուհի, Սօսի Պարսումեան՝ ատենադպիր, Աշխէն Համամճեան՝գանձապահ, Ալիս Պէօյիւքեան՝ հաշուպահ, խորհրդականներ՝ Հուրի Մալճեան, Արփի Յակոբեան, Վիօլէթ Մաքինաճեան, Վերա Պէօյիւքեան:

Կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ –ի «Աղբալեան » մարզամշակույթային համալիրին մէջ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

«Մայրերու Օր»ուան Նուիրուած Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, «The Peninsula» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ ընկհ. Ոսկի Կերեքմէզեանի եւ աւելի քան 120 ներկաներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Սապունճեան: Ան անդրադարձաւ դարեր շարունակ մեր պատմութեան ընթացքին հայ մօր հերոսական դերակատարութեան եւ ինչպէս մեր բանաստեղծներէն՝ Յովհաննէս Շիրազ…

Աւելին
Համբարձման Տօն

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի (Րապիէ) վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը Համբարձման Տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Մայիս 2017-ին, Տպայայի ծովեզերեայ «Քահուաթ Մանտալուն» գեղեցիկ ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ուկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ըկնհ. Սիլվա Սապունճեան, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի 25-ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ տիկ. Մարալ Պուճիքեանի, կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ալ Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկի նշումը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայատանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին տիկինը՝ Իզապէլ Մկրտչեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ…

Աւելին
Համբարձման Տօն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ ընկհ. Գարօլ Էսսոյի եւ կազմակերպութեամբ Ռապիէ շրջանի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի , 10 Մայիս 2016-ին, Պիքֆայայի «Les Grandes Arcades» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Համբարձման Տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
«Աշնանային Հանդիպում»

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Տըպայէ շրջանի «Պապէլ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր «Աշնանային Հանդիպում» ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող համակիրներու, թիւով 180 հոգի, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ վարչութեան կողմէ : Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝…

Աւելին
Բոլոր լուրերը