Արցախ — Լուրեր

«Մայրերու Օր»ուան Նուիրուած Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, «The Peninsula» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ ընկհ. Ոսկի Կերեքմէզեանի եւ աւելի քան 120 ներկաներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Սապունճեան: Ան անդրադարձաւ դարեր շարունակ մեր պատմութեան ընթացքին հայ մօր հերոսական դերակատարութեան եւ ինչպէս մեր բանաստեղծներէն՝ Յովհաննէս Շիրազ…

Աւելին
Համբարձման Տօն

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի (Րապիէ) վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը Համբարձման Տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Մայիս 2017-ին, Տպայայի ծովեզերեայ «Քահուաթ Մանտալուն» գեղեցիկ ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ուկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ըկնհ. Սիլվա Սապունճեան, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի 25-ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ տիկ. Մարալ Պուճիքեանի, կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ալ Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկի նշումը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայատանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին տիկինը՝ Իզապէլ Մկրտչեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ…

Աւելին
Համբարձման Տօն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ ընկհ. Գարօլ Էսսոյի եւ կազմակերպութեամբ Ռապիէ շրջանի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի , 10 Մայիս 2016-ին, Պիքֆայայի «Les Grandes Arcades» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Համբարձման Տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
«Աշնանային Հանդիպում»

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Տըպայէ շրջանի «Պապէլ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր «Աշնանային Հանդիպում» ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող համակիրներու, թիւով 180 հոգի, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ վարչութեան կողմէ : Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝…

Աւելին
«Գարնանային հանդիպում»

Կազմակերպութեամբ ՝ԼՕԽ-ի « Արցախ» մասնաճիղի (Ռապիէ) , վարչութեան , ուրբաթ 6 Մարտ 2015–ին , առաւօտեան ժամը 11–էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ «Գարնանային հանդիպում» ձեռնարկ մը, « Պաչիկ» ճաշարանին մէջ , Անթիլիաս, ներկայութեամբ՝ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Մարօ Սալխանեանի, մասնաճիւղի ընկերուհիներու, բարեկամուհիներու եւ համակիրներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք…

Աւելին
«Ճաշկերոյթ» (2014)

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ռապիէի շրջանի «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչութեան, նախագահութեամբ Տիկին Ժէյն Այանեանի, 5 դեկտեմբեր 2014-ին, «Լո Ռուաեալ»« Le Royal » պանդոկի « Ռուպի Պալրում» «Ruby Ballroom » շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկ մը , ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , բազմաթիւ ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Վարչութեան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2012-ին, «Թէյպըլ ֆայն» ճաշարանի շքեղ սրահին մէջ, Ժունիէ: Ձեռնարկը կը կրէր Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ Ճէյն Այանեանի նախագահութիւնը: Ներկայ եղան մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ այլ ազգայիններ: Այս ձեռնարկի յաջողութիւնը կը պարտինք մեր ազնիւ եւ առատաձեռն ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն:

Աւելին