Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Այծեմնիկ Մասնաճիւղ

Այս արիասիրտ հայ կնոջ՝ Այծեմնիկի անունը կապուած է 1126 թուականին Անի քաղաքի պաշտպանութեան համար մղուած հերոսական կռիւներուն:

Այս շրջանին Փատլուն ամիրան մեծ զօրքով եկաւ եւ պաշարման ենթարկեց Անին, որուն հայ բնակչութիւնը ոտքի ելաւ իր սիրելի քաղաքը պաշտպանելու համար:

Ըստ Սամուէլ Անեցի պատմիչին տեւած է ամբողջ տարի մը եւ մահ ու աւեր սփռած՝ ամբողջ Շիրակ գաւառին մէջ: Մայրաքաղաքի բնակչութիւնը եւս ահաւոր սովի մատնուած է: Սամուէլ Անեցի պատմիչին վկայութեամբ այդ կռիւներուն մէջ աչքի զարկած է հայուհի մը «Այծեամ անուն» որ արիասիրտ կանգնած պարիսպին վրայ կը պատերազմէր:

Ի վերջոյ երկարատեւ պատերազմը մեծ աւեր կը գործէ թէ Անի քաղաքի բնակչութեան եւ թէ շրջակայքի անպաշտպան ժողովուրդին: Անիի պաշտպանութեան համար մղուած կռիւներու ընթացքին հերոսուհիի մահով զոհուած է Այծեմնիկը:

Հիմնուած է 1935-ին , Արշակ Չամալեանի ներկայութեան: Հիմնուած է Թրիփոլիի ( Լիբանանի հիւսիսը ) քաղաքին մէջ:

Հիմնադիր վարչութեան կազմը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը՝ Նուարդ Փափազեան, Նազելի Հարմանտայեան, Մարի Սրապոնեան, Նուարդ Չուպաքճեան, Մարգրիտ Ուրֆալեան, Սրբուհի Կիւլվարդեան, Եղիսաբէթ Ալպարեան, Հնազանդ Չուքատարեան, Սաթենիկ Սիմոնեան, Եղիսաբէթ Մանուկեան, Աղաւնի Պէլեան, Լուսին Թելճանեան, Զապէլ Սահակեան եւ Սիրանոյշ Չամքերթենեան:

Կը գործէ « Նաւասարդ » ՀՅԴ ակումբին մէջ:

Թրիփոլիի մէջ կը գտնուի « Ս. Հոգեգալուստ» եկեղեցին, որուն կից ՝ Ազգային Նուպարեան –խրիմեան վարժարանը :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթը, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2017-ին, Թրիփոլիի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան նախագահուհի՝ ընկհ. Անթուանէթ Օգճեանի, շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ տէր Ռուբէն քհն. Միսիսեանի, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ՝ ընկ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
Ճաշկերոյթ  (2015)

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) վարչութեան կազմակերպած «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեանները, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իրենց մօր՝ ընկհ. Սօսի Սաւուլեանի: Ներկայ էին շրջանի պատկան մարնմնի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Ռուբէն Քհն. Միսիսեանը, խաչուհիներ եւ…

Աւելին
Մայրերու Օր (2015)

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի), «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 10 Մայիս 2015, Կիրակի կէսօր ժամը 1։00-էն սկսեալ շրջանի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ 110 ներկաներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզ…

Աւելին
Ընտանեկան ճաշկերոյթ

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը (Թրիփոլի) վերջին երկու տարիներու ընթացքին դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ՝ Լիբանանի քաղաքական կացութեան աննպաստ պայմաններու բերումով եւ այս մէկը ժխտական իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Թրիփոլիի հայ գաղութի առօրեային վրայ, հակառակ սակայն տիրող կացութեան, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի ընկերուհիները ճիգ չի խնայեցին վերաշխուժացնելու շրջանը : Անոնք կազմակերպեցին ընտանեկան ճաշկերոյթ մը, կիրակի ,1 Մարտ 2015-ին…

Աւելին
Համբարձման Տօնին Առիթով Պտոյտ

ԼՕԽ-ի Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տօնեց Համբարձումը Աշքութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ականներու, անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն: Թէեւ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, սակայն մենք հաւաքուեցանք գարնանային մշտադալար ծառերուն տակ: Այս առիթով ժողովրդային հայկական աւանդութիւններ պահպանելու միտումով պատրաստուած էին քառեակներ, որոնց ընթերցումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Անկէ ետք չափահասներն ու…

Աւելին
Բոլոր լուրերը