Այծեմնիկ — Լուրեր

Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթը, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2017-ին, Թրիփոլիի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան նախագահուհի՝ ընկհ. Անթուանէթ Օգճեանի, շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ տէր Ռուբէն քհն. Միսիսեանի, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ՝ ընկ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
Ճաշկերոյթ  (2015)

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) վարչութեան կազմակերպած «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեանները, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իրենց մօր՝ ընկհ. Սօսի Սաւուլեանի: Ներկայ էին շրջանի պատկան մարնմնի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Ռուբէն Քհն. Միսիսեանը, խաչուհիներ եւ…

Աւելին
Մայրերու Օր (2015)

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի), «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 10 Մայիս 2015, Կիրակի կէսօր ժամը 1։00-էն սկսեալ շրջանի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ 110 ներկաներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզ…

Աւելին
Ընտանեկան ճաշկերոյթ

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը (Թրիփոլի) վերջին երկու տարիներու ընթացքին դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ՝ Լիբանանի քաղաքական կացութեան աննպաստ պայմաններու բերումով եւ այս մէկը ժխտական իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Թրիփոլիի հայ գաղութի առօրեային վրայ, հակառակ սակայն տիրող կացութեան, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի ընկերուհիները ճիգ չի խնայեցին վերաշխուժացնելու շրջանը : Անոնք կազմակերպեցին ընտանեկան ճաշկերոյթ մը, կիրակի ,1 Մարտ 2015-ին…

Աւելին
Համբարձման Տօնին Առիթով Պտոյտ

ԼՕԽ-ի Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տօնեց Համբարձումը Աշքութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ականներու, անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն: Թէեւ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, սակայն մենք հաւաքուեցանք գարնանային մշտադալար ծառերուն տակ: Այս առիթով ժողովրդային հայկական աւանդութիւններ պահպանելու միտումով պատրաստուած էին քառեակներ, որոնց ընթերցումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Անկէ ետք չափահասներն ու…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՎԱՃԱՌՔԸ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Թրիփոլիի ՀՅԴ Նաւասարդ ակումբի Խաչիկ Պապիկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Այծեմնիկ մասնաճիւղին ցուցահանդէս-վաճառքը` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Լամա Ֆայսալ Քարամէի, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ օտար ներկաներու հոծ բազմութեան: Մասնաճիւղի ատենապետ…

Աւելին
ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Մարի Տնկիկեանի եւ Մելինէ Կոնճեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այծեմնիկ մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ յարգանքի օր՝ մասնաճիւղին մէջ 40-ամեայ վաստակ ունեցող ընկերուհիներու։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Նաւասարդ ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, մասնաճիւղի ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ այլ կազմակերպութիւններու…

Աւելին