Դաստիարակչական — Լուրեր

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Առցանց Դասախօսութիւններ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց երկու առցանց դասախօսութիւններ` 8 եւ 18 փետրուար 2022-ին: Առաջինը նուիրուած էր Կիներու միջազգային օրուան, դասախօսն էր Արշօ Պալեան` նիւթ ունենալով «Քաղաքականացած հայ կինը»: Ան իր խօսքը սկսաւ` շեշտելով, որ կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան օրական դրութեամբ նուաճումներ կը կատարէ, ուստի կարիք չկայ սպասելու տօնի…

Աւելին
Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան Դասախօսեց «Հայ Դատը Երէկ Եւ Այսօր» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Զեփիւռ Չափարեան անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին եւ լուսարձակի տակ…

Աւելին
Զաքար Քէշիշեան Դասախօսեց «Հայաստանի Երկրաշարժին 30-Ամեակ»ին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հայաստանի երկրաշարժի 30-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, յատուկ դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին վերաբերեալ…

Աւելին
Պտոյտ՝ Դէպի «Կիլիկիա» թանգարան եւ Պիքֆայայի «Սուրբ Աստուածածին» Վանք:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Կիլիկիա» թանգարան (Անթիլիաս), որմէ ետք Պիքֆայայի «Սուրբ Աստուածածին» վանք, առ ի գնահատանք յանձնախումբի կազպակերպած բոլոր դասախօսութիւններուն ներկայ եղողներուն, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2018-ին: «Կիլիկիա» թանգարանի պաշտօնեայ՝ Նարէ Սաղտըճեան սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ թանգարանի մասին, ուր կը գտնենք Ցեղասպանութեան եւ Կիլիկիոյ…

Աւելին
ԼՕԽ-ականներու Այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: 15 մայիս 2018-ին ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը` ոգեկոչելու ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Այցելուները Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ հաւաքուեցան, ուր բացման խօսքով…

Աւելին
Աշակերտներու այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը: Այցելութեան հիմնական նպատակն է, մօտէն ծանօթանալ -ԼՕԽ-ի կամաւոր գործունէութեան -ԱՊԸԲ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն -ԼՕԽ-ի պատմականին -Քաջալերելու…

Աւելին
100 Տարի Անց` Դարձեալ Առաջինը Ըլլալու Մղումով (Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Այս տարուան մեր բոլոր ձեռնարկներուն գերիշխող թեման Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն է, մեր պետականութեան վերականգնումը, հանրապետութիւն ստեղծելը եւ, մանաւանդ, մեր ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելը: Այնքան ուժեղ խորհուրդ ունի այս պատմադրոշմ իրադարձութիւնը, որ մեր հաւաքական բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւնները անպայման կը ներշնչուին անկէ եւ անպայման խորհուրդներ, պատմական դասեր քաղելու առիթներ եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում

«Այսօր ԼՕԽ-ը Բոլոր Տուեալները Կ՛ամբողջացնէ 100 Տարուան Ժառանգը Ստանձնելու Եւ Պատուով Կատարելու Իրեն Վերապահուած Առաքելութիւնը» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` Դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Կանանց միջազգային օր»-ը…

Աւելին
Դասախօսութիւն` «Տնտեսագիտութիւն» Նիւթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 19 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Տնտեսագիտութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան 1985-1990 թուականներու փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանը: Բացման խօսքով հանդէս…

Աւելին
«Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ին կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցը» նիւթով, որ ներկայացուց դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Ղարիպեան: Նախ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով առողջ, ուրախ եւ բարեբեր տարի մը մաղթեց` խնդրելով Աստուծմէ, որ մեր ազգին հիմքերը…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Art Therapy» Նիւթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2017-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Art Therapy» (Արուեստի միջոցով դարմանում) նիւթով, զոր ներկայացուց դոկտ. Անիթա Թութիկեան: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անունով ընկհ. Վարդի Մարտիրոսեան…

Աւելին
Ուխտագնացութիւն Դէպի Ղազիրի «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» եւ Զմմառու Վանքերը

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Ղազիրի «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» եւ Զմմառու վանքերը: Յիշենք, որ այս ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր առ ի քաջալերանք այն բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք դաստիարակչական յանձնախումբի ձեռնարկներուն մնայուն ներկայութիւն արձանագրած էին: «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու»…

Աւելին
Այցելութիւն ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համազգայինի «Մելանկթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիին՝ Սիլվա Սողոմոնեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեան, ներկայացուց ԼՕԽ-ի պատմականը ծննդոցէն մինչեւ այսօր եւ անդրադարձաւ 26 մատնաճիւղերուն եւ 14…

Աւելին
Աշակերտներու այցելութիւն ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը: Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ Սօսի…

Աւելին
Ուխտագնացութիւն Դէպի Այնթուրայի Երբեմնի Որբանոց

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ Այնթուրայի երբեմնի որբանոցը: ԼՕԽ-ականներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Այնթուրայի որբանոցը, մուտքին դիմաւորուեցան դպրոցի տեսուչ հայր սուրբին կողմէ, որ մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացուց, այս որբանոցին մասին: Ապա ան հրաւիրեց իրենց դպրոցի պատմութեան ուսուցիչը, որ յոյն ըլլալով ըսաւ, որ իրենք ալ ճաշակած…

Աւելին
Կիներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանի, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 6 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը: Լիբանանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ…

Աւելին
«Հայկական Ճարտարապետութիւնը Հայաստանէն Լիբանան Եւ Սփիւռք» Նիւթով Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 13 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Հայաստանէն Լիբանան եւ սփիւռք» նիւթով դասախօսութիւն մը` հիւր դասախօս ունենալով Րաֆֆի Չերչեանը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Վարդիթեր…

Աւելին
Հայկական Ազգային Պարը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական Ազգային Պարը» նիւթով դասախօսութիւն: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբին անունով ընկհ. Մարալ Ղարիպեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան նիւթը ըսելով՝ «ԼՕԽ-ի…

Աւելին
ԼՕԽ-ականները Կ՛այցելեն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կազմակերպած էր այցելութիւն Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: ԼՕԽ-ականներն եւ բարեկամուհիներ հոծ բազմութեամբ ուղղուեցան Ժիպէյլ եւ հաւաքուեցան «Հայ Կեդրոն»-ի, ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի սրահը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան` ըսելով. «Անցեալ շաբթուան զինուորական…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբը Արժանավայել Ձեւով Նշեց Կիներու Միջազգային Օրը

ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը ամէն տարի արժանավայել կերպով կը նշէ կանանց միջազգային օրը: Այս տարի եւս երկուշաբթի, 7 մարտին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդհանրապէս կնոջ, յատկապէս հայ կնոջ նուիրուած ձեռնարկ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան ողջունեց ներկաները եւ զանոնք հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու…

Աւելին
Աշակերտներու այցելութիւն ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

Նախանցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը գաղափարը ունեցած էր, հրաւիրելու հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները,անոնց ծանօթացնելու ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, կեդրոնի բաժանմունքները եւ տրամադրած սպասարկութիւնները: Տնօրէններու ու աշակերտներու դրական տպաւորութենէն քաջալերուած որոշուեցաւ սոյն ծրագիրը…

Աւելին
«Սրբալոյս Միւռոնի Խորհուրդը Եւ Միւռոնօրհնութեան Իմաստը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 16 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սրբալոյս միւռոնի խորհուրդը եւ միւռոնօրհնութեան իմաստը» նիւթով դասախօսութիւնը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան…

Աւելին
ԼՕԽ-ականներու Ուխտագնացութիւնը Դէպի Այնթուրա (2015)

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ ուխտի գացին Այնթուրայի երբեմնի որբանոցը, ուր որբերուն կեանքը անարդար եղաւ: Կարծես իրենց աղիողորմ կանչերը կը զարնուէին մեր ականջներու թաղանթներուն եւ մեր հոգիները կ՛ալեկոծէին ի լուր իրենց սրտաճմլիկ աղաղակներուն: Կը հաղորդուէինք որբանոցին վերեւ թեւածող մատղաշ հոգիներուն հետ… Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական…

Աւելին
Կիներու Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն. Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախաձեռնութիւնները սկսան երէկ` երկուշաբթի, 2 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Հայ կնոջ բերած ներդրումը ազգային կեանքին մէջ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկով: Լիբանանահայ կիներու հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցած…

Աւելին