Քարոզչական — Լուրեր

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Լիբանանի…

Աւելին
Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի…

Աւելին
ԼՕԽ-Կամաւորներու Օրուան Նշում. «Նոր Սերունդը Պէտք Է Այս Կամ Այն Ձեւով Մօտեցնենք Մեզի Եւ Պատրաստենք Կամաւոր Աշխատանքի», Հաստատեց Տոքթ. Իշխան Եղիայեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան, որ…

Աւելին
Վիգէն Դարբինեան` ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Երէկ` երկուշաբթի, 12 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը հայկական երգի ու երաժշտութեան հարազատ մեկնաբան Վիգէն Դարբինեանին հետ, որ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեան երգեց իր հին ու նոր երգերէն` խանդավառութեան, միաձուլուած ապրումներու, յուզումի, բաժանումի ու միացման, տարբեր տեսակի սիրոյ, պայքարի եւ այլ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Աշակերտական Նախաձեռնութիւնը Կը Պսակուի Յաջողութեամբ

ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գործակցութեամբ, երէկ, կէսօրին, Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Տըպպայէի մէջ հաստատուեցան յատուկ անցարգելներ, ուր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեան աշխատանքին: ԼՕԽ-ի դրօշներով եւ միութեան նշանակը կրող շապիկներով ու գլխարկներով հանգանակութիւն կատարող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր անոնց խանդավառութիւնը հանգանակութեան դրամահաւաքով…

Աւելին
Ինքզինք Պարտադրող Պատգամը (ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Տնօրէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Ուրախութիւն է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Ուրախութիւնը կը ծնի այն բարիքէն եւ գուրգուրանքէն, որ մեր ժողովուրդին կու գայ ԼՕԽ-ի ճամբով: Միաժամանակ պատիւ է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Կազմակերպութեան մը մասին, որ 87 տարուան ծառայութիւն ունի լիբանանահայութեան: 87 տարին քիչ ժամանակ չէ: 87 տարի կ’ըսենք եւ տարիներէն իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք հարիւրաւոր ԼՕԽ-ականներու նուիրումը, ջանքը…

Աւելին
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Բոլոր Կամաւորներուն

ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ Տնօրէն` Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի Մանուկ հասակէս մեր տան գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր «Օգնութեան խաչ»-ը: Ինծի համար, կիներ, որոնք անցեալին խաչուհի, իսկ այժմ ԼՕԽ-ական կը կոչուին, բացառիկ կարողութիւններու տէր, տեսակ մը գերմարդ կը ներկայանային, յարատեւ աշխատողներ` թէ՛ իրենց ընտանեկան պարտականութիւններու տէր, եւ թէ՛ միութենական պաշտօններու արժանի: Աւելի ուշ, երբ ազգային կեանքին իրազեկ դարձայ, հասկցայ, որ…

Աւելին
Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի Հանգանակութեան Օր

ՔՈՅՐ ԹԷՕՊԻՍՏԷ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի տնօրէնուհի Օգտուելով ԼՕԽ-ի հանգանակութեան բարեպատեհ առիթէն, կ՛ուզեմ իմ գնահատանքի խօսքս ուղղել բոլոր անոնց, որոնք ներկայիս եւ անցեալին Լիբանանի հայահոծ գաղութիս մէջ, իրենց նուիրումի, զոհողութեան եւ բարեգործութեան բաժինը բերած են աւելի քան 80 տարիներ: Հասած են մեր կարօտեալ ընտանիքներու զանազան կարիքներուն` նիւթական, առողջապահական, բարոյական ու ընկերային…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Առթիւ

ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնուհի Այսօր, ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առթիւ մենք բոլորս պարտաւորութիւնը ունինք միասնականութեան բիւրեղ ոգիով մասնակցելու ու մեր նիւթական աջակցութիւնը բերելու անոր գործունէութեան զանազան մարզերուն, որոնք կը միտին շարունակել օգտակար դառնալ կարօտեալին: Այո՛, հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն սատարող այս նախաձեռնութեան օժանդակելու աշխատանքն…

Աւելին
Որքան Տանք Ուրիշին, Պիտի Ստանանք Աւելին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ Կա՞յ աւելի մեծ ուրախութիւն առթող եւ աւելի շատ գոհունակութեան զգացում ընձեռնող երեւոյթ, քան կարիքաւորին եւ կարօտեալին օժանդակելու եւ ձեռք երկարելու բարեսիրական արարքը` իբրեւ քու նմանին հասնելու, երբ ունիս այդ կարողութիւնը: Բոլորս նոյն ստեղծագործութիւնն ենք, կոչուած ենք ապրելու միեւնոյն կեանքը, անշուշտ պայմանները, միջոցներն ու կարելիութիւնները կը տարբերին մէկը միւսէն, բնական է, եւ պէտք է տարբերին, որպէսզի…

Աւելին
Պարտականութեան Ոգիի Բանբերը

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը նախորդ դարու 20-ականներէն սկսեալ զարգացման տարբեր հանգրուաններ անցնելէն ետք այժմ մեզի կը ներկայանայ իբրեւ Լիբանանի հայ համայնքի կնոջական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, աշխարհագրական բաւական լայն տարածք ընդգրկող իր 26 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան 4000 անդամներով: ԼՕԽ-ը համայնքային կնոջական կազմակերպութիւններուն մէջ ամենաբազմազանն է նաեւ…

Աւելին
Սրտի Խօսք

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Տնօրէնուհի` Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Լիբանանահայ իրականութեան մէջ տասնեակ տարիներու իր գործունէութեամբ ԼՕԽ-ը յաջողած է գաղութի նուիրեալ կիներ ուղղել դէպի ազգային կեանք եւ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել անոնց ներուժն ու կարողականութիւնը: Երբ կը խօսինք ԼՕԽ-ի մասին, ի մտի կ՛ունենանք կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու անոր նուիրումը, առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ անոր բերած նպաստը…

Աւելին
Սրտի Խօսք

ԴԱԼԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Բարի նպատակ հետապնդող, աղքատին ու անկարին հասնող, ուսանողին կրթանպաստ հայթայթող, աշակերտին դէմքին ժպիտ դրոշմող, հիւանդին դեղորայք ապահովող… եւ տակաւին շատ բարիքներ: Բառերով կարելի չէ բաւարարուիլ կամ արտայայտել այս հսկայ կազմակերպութեան բարի գործերը: Դպրոցական թէ համալսարանական տարիներուս, որպէս ԼՕԽ-ի կրթանպաստի սան, նիւթական օժանդակութիւն ստացած եմ…

Աւելին
Այսօր Այստեղ

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այսօր այստեղ Մթութեան մէջ հոգիներու գունաթափ Ահաւասիկ ձեռք մը դալուկ, սիրոյ կարօտ Կարօտ բերկրանքի, սփոփուելու խնդրանքով… Այսօր այստեղ Տրտմութեան մունջ բազմավիշտ էակներ Ահաւասիկ սեւեռաբիբ կը սպասեն հեկեկուն հազար կանթեղ ճրագներով մշտադող կաթիլ մը ձէթ ճրագին համար իր կեանքին… Այսօր այստեղ Ոլորտներուն մէջ տառապանքներու ահաւոր Լոյս կը կաթի, սէր կը հոսի նայուածքիդ մէջ անյայտ ձայներու անյայտ ձեռքերու սիրազեղ սրտի…

Աւելին
Սէր Եւ Հաւատք Վայելող ԼՕԽ-ը

ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ Ազգէն ծնած, ազգին համար ծնած եւ ազգով մեծցած Հայ օգնութեան միութեան միաւորներէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անցնող 87 տարիներուն ծրագրած եւ իրագործած է բազմատեսակ ծրագիրներ, բոլորն ալ ի շահ լիբանանահայ գաղութի համեստ խաւին: Այդ ծրագիրներէն կարեւորագոյնը կը նկատուի բոլորիս ծանօթ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը: Սրտի խօսող ծրագիր մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է եւ տակաւին կը գտնէ մեր ժողովուրդին կողմէ եւ…

Աւելին
Տա՛նք ԼՕԽ-ին

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ Տնօրէնուհի` Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկր. վարժարանին Լիբանանի տնտեսական երկարատեւ եւ հետզհետէ սրող տագնապի այս օրերուն, աւելի քան անհրաժեշտ է կարիքը տեսնող աչքեր, առատաձեռն սրտեր եւ բաց քսակներ ունենալու: ԼՕԽ-ը իր բազմատեսակ ծրագիրներուն ընդմէջէն կը դրսեւորէ նշեալ երեք յատկութիւնները: Անիկա կը տեսնէ մեր ընկերութեան կարիքը եւ կը հասնի առատաձեռն սրտով ու բաց քսակով: Իսկ մեր ընկերութեան մէկ մեծ շերտին…

Աւելին
Տալու Հաճոյքը

ԾԱՂԻԿ ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆ-ՀԱՊԷՇԵԱՆ Մարդ արարած իր փոքր հասակէն ուրախութիւն կը զգայ, երբ նուէրներ ստանայ տարբեր առիթներով` ըլլան անոնք տարեդարձի նուէրներ, Նոր տարուան նուէրներ, Զատկուան նուէրներ եւ կամ նուէրներ` անակնկալօրէն առանց յատուկ առիթի: Մանուկը իր ուրախութիւնը կ՛արտայայտէ պոռալով, ցատկռտելով, երբեմն պարելով ու երգելով, սակայն նոյն մանուկը ընդհանրապէս պատրաստ չ՛ըլլար իր ունեցած խաղալիքը բաժնեկցելու իր ընկերոջ հետ: Կ՛ուզէ իր…

Աւելին
Տալու Հաճոյքը

ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» կարգախօսի ընտրութիւնը պատահական չէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար: Իր հիմնադրութեան իսկ օրէն ԼՕԽ-ը նեցուկ կանգնած է ժողովուրդին` առողջապահական, կրթական, խնամատարական եւ գաղթականներու տեղաւորման ոլորտներու մէջ: ԼՕԽ-ը ձեռք կ՛երկարէ հիւանդին ու կարիքաւորին` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Ան իր 26 մասնաճիւղերով եւ 14 յանձնախումբերով մեր գաղութի ողնայարին կենսական օղակներէն մէկը դարձաւ…

Աւելին
Մանուկներու Միջազգային Օրուան Խանդավառ Ու Օգտաշատ Նշում

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Հինգշաբթի, 23 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ հրաւիրուած մեծաթիւ աշակերտներ ապրեցան խանդավառ, ուրախ ու իսկապէս մանուկին սրտին խօսող պահեր, որովհետեւ անոնք պարեցին, երգեցին եւ իրենց իրաւունքներուն մասին տեղեկութիւններ…

Աւելին
Կիներու Միջազգային Օրուան` Մարտ 8-ի Առիթով  Խորհրդածութիւններ

ՎԱՀԷ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Մարտ 8-ը: Կիներու միջազգային օր: Այս յատկանշական օրուան առիթով, կարծեմ, մեզ կը հետաքրքրէ միայն «ՀԱՅ ԿԻՆԸ»: Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մեր պատմութեան` սկսելով Վարդանանց պատերազմէն, 1915-ի ջարդերէն ու տեղահանութիւններէն, Փետրուարեան ապստամբութենէն, հասնելով մինչեւ սփիւռքահայ գաղութներու, ի մասնաւորի, սուրիահայ եւ լիբանանահայ գաղութներու կազմաւորման աշխատանքներ, բոլորին մէջ ալ, ռամիկէն մինչեւ ազնուական, հայ…

Աւելին
«Հայ Կինը Մեր Կեանքէն Ներս Պէտք Է Մնայ Բարոյական, Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքներու Ճառագայթող Ներկայութիւն». Արամ Ա. Կաթողիկոս

ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ Կիներու միջազգային օրը տարուան ընթացքին այն գեղեցիկ առիթներէն մին է, որ մենք թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն եւ թէ՛ որպէս անհատ վեր բերենք եւ մտածենք Հայ Կնոջ ունեցած մարդկային, բարոյական, հոգեւոր ու ազգային բացառիկ արժէքներուն եւ յատկանիշներուն մասին: Հայոց պատմութեան ամենավաղ շրջաններէն սկսեալ մինչեւ մեր օրեր, մեզի հասած վկայութիւններն ու արձանագրութիւնները շատ յստակ ձեւով կը վկայեն, թէ հայ կինը ունեցած է…

Աւելին
Հայ Կինը` Նորօրեայ Զարգացումներուն Ընդառաջ

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Կիներու միջազգային օրը առաւել կ՛արժեւորէ կնոջ դերակատարութիւնը կեանքի ոլորտին մէջ` նկատի ունենալով այն ծանր պատասխանատուութիւնը, որուն դիմաց կը կանգնի մեզմէ իւրաքանչիւրս` բարձր գիտակցութեամբ կատարելու այն, ինչ որ զինք առաւել կը գեղեցկացնէ իր կոչումին մէջ: Կեանքի տարբեր պայմաններուն ու զարգացումներուն զուգահեռ, ընթացք կ՛առնէ նաեւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւոր կէտը` նկատի ունենալով…

Աւելին
Շնորհաւո՛ր Ձեր Տօնը, Հա՛յ Մայրեր Եւ Քոյրեր

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մարտի 8-ը Կիներու միջազգային օրն է: Ամբողջ աշխարհը այս առթիւ կը շնորհաւորէ եւ կը գնահատէ իգական սեռի ներկայացուցիչները: Ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հայրենիքի մէջ այս առիթը թէ՛ ժողովրդային եւ թէ՛ պետական մակարդակով կը յիշատակուի, որ խորհրդային շրջանի լաւ աւանդութիւններէն մէկը կարելի է նկատել: Ժամանակին հետ այս առիթը սկսաւ նաեւ արժանի կերպով յիշատակուիլ սփիւռքի մէջ, ինչ որ ողջունելի է: Անկախ…

Աւելին
Կամաւորներու Օրուան Նշում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ…

Աւելին