Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին, կէսօրին The Bridge-ի كان يا مكان ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման Կայանի փոքրիկներուն ի նպաստ ձեռնարկ, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Հուրի Պապիկեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 100 հոգի։ Ընկերային յանձնախումբը երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Կազդուրման Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Մարօ Սալխանեան։ Ան իր խօսքին մէջ խիստ անհրաժեշտ…
ԱւելինՀայկականութեամբ, հարազատ շունչով ու մթնոլորտով յատկանշուող Այնճարի հանդարտ մէկ հատուածին մէջ, բնութեամբ շրջապատուած, դիմացդ կը յայտնուի 2013-ին Գըլպաշեան ընտանիքին նուիրատուութեամբ կառուցուած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի սեփական շէնքը, որ կը կոչուի «ԼՕԽ-ի Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան», եւ որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 7 յուլիս 2013-ին: Այս տարուան ծրագիրը ընթացք առաւ 24 յուլիսին եւ աւարտեցաւ 13 օգոստոսին`…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշ, ի նպաստ կայանի փոքրիկներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որ մասնակից…
ԱւելինՈւրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի ու «Նարօտ Արտալճեան» գդադարանի փոքրիկները «Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Նոր Տարի տօնեցին: Ձեռնարկը իրականացաւ շնորհիւ տիար Անդրանիկ Պալճեանի եւ որդիներուն կատարած եզակի նուիրատուութեան: Փոքրիկները երգեցին ու Կաղանդ Պապուկին հետ պարեցին: Ապա գեղեցիկ նուէրներով եւ ուտեստեղէնի ու միրգերու ծրարներով մեկնեցան իրենց տուները…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները: Շուրջ 73 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԿազդուրման կայանի 2016-ի ամրան փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերային յանձնախումբի անդամներ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներ, Հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն քոյր Թէօպիսթէ, Գըլպաշեան ընտանիքի անդամները, բարերարներ, հայրենակիցներ եւ ծնողներ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային յանձնախումբի հիմնական ծրագիրը` կազդուրման կայանը, որ ընթացք առած էր երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճար հայաւանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ, աւարտեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին: Ընկերային յանձնախումբին հսկողութեամբ, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներու եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող բարերարներու…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը կազդուրման կայանն է, որ կը միտի պատրաստել առողջ միտք, հոգի եւ մարմին, 6-12 տարեկան պատանիներու եւ պարմանուհիներու համար, որոնք արհեստավարժ պատասխանատուներու հսկողութեամբ կը հետեւին դաստիարակչական, ընկերային եւ մարզական աշխատանքներու: Կազդուրման կայանը այս տարի ընթացք առաւ երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկը, Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները: Շուրջ 90 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի երդիկին տակ, անմոռանալի ժամեր…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ 1939-ին ստեղծուած «Կազդուրման կայան» ծրագիրը երկար տարիներէ ի վեր իրագործուող ծրագիր մըն է, որուն նպատակը եղած է կազդուրել այն երեխաները, որոնք վատառողջ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ առիթը չի ներկայացուիր իրենց կազդուրուելու: Մինչեւ 1975-ի Լիբանանի պատերազմը «Կազդուրման կայան»-ը որպէս վայր կը գործածէր Շթորայի «Աղբալեան» վարժարանը: Հոն էր , որ երեք ամիսներու տեւողութեամբ, յուլիս, օգոստոս եւ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ պտոյտ մը, կազդուրման կայանի ծրագրին մասնակցող փոքրիկներուն համար (թիւով 30), դէպի Այնճար : Փոքրիկները ուրախացնելը մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Աննկարագրելի էր փոքրիկներուն ուրախութիւնը, որոնք «Պուտաքեան» հաստատութեան կողմէ տրամադրուած գլխարկները գլուխնին դրած եւ T-Shirt-ները հագած…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանն ու տիկին Ռանա Իրաքաթը եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դիւանին ,առողջապահական, նախազգուշական, դաստիարակչական, ձեռարուեստի եւ խոհանոցի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, Շաբաթ 13 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման կայանի եւ գրադարանի փոքրիկներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը: 85 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին յանձնախումբին եւ «Ուրախ տարեդաձ» խումբին հետ անցուցին անմոռանալի պահեր ԼՕԽ-ի երդիկին տակ…
ԱւելինՅունաստանի Խալքիտիքիի ամարանոցը ՀՕՄի 5 ամարանոցներէն մէկն է…..որ արդէն 25-րդ շարունակական տարին ըլլալով, իր դռները բացաւ 9- 27 Յուլիս 2014 –ին , հիւրընկալ գիրկին մէջ ընդունելով աւելի քան 100 պատանի- պարմանուհիներ Աթէնքէն , Գոքինիայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն : ՀՕՄ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւը եւ հոգատարութիւը վայլող սոյն ամարանոցը հայապահպանման եւ ազգային դաստիարակութեան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կազդուրման կայանի փոքրիկներուն եւ լիբանանահայ վարժարաններու նախակրթարանի սուրիահայ աշակերտներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը: 120 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին կազդուրման կայանի օգնական…
ԱւելինՊատրաստեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Այնճար հայաւանի հանդարտ եւ բնութեան բարիքներով շրջապատուած թաղամասի մը մէջ քեզ կ՛ողջունէ Լիբանանի օգնութեան խաչի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանին շէնքը, ուրկէ լսուող մանուկներուն եւ պատանիներուն զիրար խաչաձեւող խօսակցութիւնները, ուրախ բացագանչութիւնները, իրենց պատասխանատուներուն ուղղուած գանգատներն ու պահանջները, խաղերու ընթացքին զիրար քաջալերող խօսքերը, յաղթանակի ճիչերը…
ԱւելինՏարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ կիրակի, 11 օգոստոս 2013-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ: Նորակառոյց կազդուրման կայանը երազ ըլլալէ դադրած է եւ այսօր դարձած է իրականութիւն. անոր հովանիին ներքեւ աւելի քան 60 փոքրիկներ համախմբուած են իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ, միասնաբար երեք շաբաթներու յատուկ…
ԱւելինՅուլիս 10-28 Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպած տարեկան ամառնային ճամբարը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Յունաստանէն եւ Լիբանանէն հաւաքուած տղաք եւ աղջիկներ: Լաւ առիթ էր, որպէսզի պատանիները քով-քովի գան եւ ճանչնան սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներէ եկած իրենց նման պարման-պարմանուհիներ: Ամէնօրեայ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ եւ խաղեր, հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ`…
ԱւելինՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Լիբանանահայ գաղութը եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմանդամ ընտանիքը ցնծութեան եւ գոհունակութեան օրեր ապրեցան ի լուր եւ ի տես ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան»-ի նորակառոյց շէնքին: Տարիներու երազուած ծրագրի մը իրականացումն էր այս, որ յաջողեցաւ շօշափելի իրագործում դառնալ` շնորհիւ Գըլպաշեան ազնուազարմ ընտանիքի իշխանական նուիրատուութեան: «Ազդակ»-ի 6 յուլիս 2013-ի համարի էջերուն մէջ…
ԱւելինՆախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 7 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Պուրճ…
ԱւելինԼՕԽ-ԱԿԱՆ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի սեփական շէնքին բացումը առիթ կու տայ ԼՕԽ-ականներուս` վայրկեան մը թափ տալու մեր յիշողութեան եւ ակնարկ մը նետելով դէպի անցեալը` անդրադառնալու մեր կազմակերպութեան կեանքի ընթացքին: Որքա՜ն շարունակականութիւն եւ հետեւողականութիւն կայ հոն, որքա՜ն իրար ագուցուած են անոր ընթացքի բոլոր հանգրուանները եւ ուրախութեամբ, նոյնիսկ երբեմն հպարտութեամբ կ՛անդրադառնաս, որ դուն անձնապէս…
ԱւելինՀայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծ է դերը Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որ իր թեւերը լայն բացած կը բժշկէ հայ ժողովուրդի կարիքաւորները` թէ՛ մարմնական առողջութիւն պարգեւելով, եւ թէ հոգեպէս ուրախացնելով զանոնք, իրականացնելով անոնց գրեթէ բոլոր երազները: Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ ԼՕԽ-ը հիմը դրած է Կազդուրման կայանին, որպէսզի առողջ մթնոլորտի մը մէջ ուրախութիւն պարգեւէ հայ կարիքաւոր փոքրիկներուն, որոնք կու գան տարբեր շրջանակներէ եւ…
ԱւելինՄԱՆՈՒՇԱԿ ԳԻԶԻՐԵԱՆ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին կարեւորութիւնը կը կայանայ ոչ միայն մարմնակրթութեան մէջ, այլ նաեւ` հոգեկանի: Երեխային ֆիզիքական առողջութիւնը անհրաժեշտ է այնքան, որքան` հոգեկանի խաղաղութիւնը: 1993 եւ 1994 թուականներուն տեղի ունեցած Կազդուրման կայանը Այնճարի մէջ, որ կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը, մեծին եւ փոքրիկին մտքին, հոգիին մէջ շատ գեղեցիկ տպաւորութիւն ձգած էր, ինչպէս նաեւ` Այնճարի…
Աւելին






















