Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2018-ին ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սիւզան Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ընկերուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը Բարեկենդանի առիթով կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր «Աշնանային Հաւաքոյթ» մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ պտոյտով մը՝ դէպի Լիբանանի Պեքաայի շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00ին: Մասնակցողները այցելեցին Զահլէի «Սուրբ Աստուածամայր» եկեղեցին , «Քսարա» գինիի գործարանը, Թաանայէլի ագարակը, ապա կէսօրին ճաշեցին Այնճարի գեղատեսիլ «Ռազմիկ» ճաշարանին…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, Տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, մասնաճիւղիս տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, ընկհ. Սօսէ…
ԱւելինՍ. Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի, «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներու , ԼՕԽ-ականնեու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» Մասնաճիւղի (Նոր Սիս) շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոս 2015-ին: Հարիւր յիսուն հոգինոց խումբը, երեք հանրակառքերով ուղղուեցաւ դէպի Սայտա, Ղանայի քարայրը, Մաղտուշէի սրբատեղին, ապա Ճզզին՝ ճաշարան: Պտոյտը ունեցաւ շատ հեզասահ եւ հաճելի ընթացք: Ճաշարանը՝ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ եւ բարի ախորժակ մաղթեց ներկաներուն: Երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան հայկական երգերով խանդավառեց…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Սիս) կազմակերպած տարեկան վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 2015ին, շրջանի ակումբի սրահին մէջ։ Ձեռնարկը նուիրուած էր «Մայրերու Օր»ուան։ Սրահին մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան կարմիր վարդերով։ Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Մանճիկեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի եւ ներկաներուն, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամը…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Սիս) կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015- ին երեկոյեան ժամը 9։30-էն սկսեալ, «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ։։ Ընկհ. Մարօ Մանճիկեան, մասնաճիւղի ատենապետուհին, իր բացման խօսքին մէջ նշեց ձեռնարկին նպատակը՝ որու հասոյթը պիտի ծառայէ շրջանիս կարօտեալներուն եւ կրթանպաստ ստացողներուն։ Երգիչ `Մանուկ Մինասեան, իր ժողովրդական եւ հայաշունչ երգերով խանդավառեց եւ բարձրացուց…
ԱւելինԼՕԽ-ի “ Ա. Ազիրեան” մասնաճիւղի «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2014-ին, Ազիրեան ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահէն ներս։ Մասնաճիւղի ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն մասնակցութեան։ Հայկական երաժշտութեամբ ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացուց Սեդօ Պաղտասարեան։ Վիճակահանութենէն ետք ընկերուհիները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
Աւելին4 յունուար 2014-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ մասնաճիւղին բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս Կերէքմեզեաններուն: Ձեռնարկին առաջին մասով ներկաները ունկնդրեցին հայկական եղանակներ` տուտուկի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ, որուն վերջին մասով, շրջանին պատանիներէն Քրիստին Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Վիգէն Քէշիշեանի`…
ԱւելինԱմառնային այս եղանակին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կազմակերպեցին դաշտագնացութեան ձեռնարկներ` դէպի Լիբանանի լեռնային եւ դաշտային շրջանները, Մեթնէն Քեսրուան, Շուֆէն մինչեւ Պեքաա: ԼՕԽ-ի Արշալոյս Ազիրեան մասնաճիւղի վարչութիւնը իր անդամները հրաւիրեց դաշտագնացութեան` Մեթնի հովասուն վայրերէն Մրուժ-Զաարուր շրջանը, 11 օգոստոս 2011-ին: Պտոյտին առաջին հանգրուանը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր կը կատարուէին…
ԱւելինՀինգշաբթի, 11 օգոստոս 2011-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Նոր Սիսի Արշալոյս Ազիրեան մասնաճիւղի շուրջ 100 անդամներ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքը: ԼՕԽ-ականները ընդունեց դպրեվանքի տեսչութեան անդամներէն Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան եւ զիրենք առաջնորդեց Ս. Աստուածածին մատուռ, Ապրիլեան յուշարձան եւ Զարեհեան դպրեվանք: Դպրեվանքին մէջ, տեսուչ սրբազանը` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ.-…
Աւելին












