ՀՕՄ — Լուրեր

«Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ

Լ.Օ.խ.ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան»խոհանոցը այս շաբաթ եւս պատրաստեց գաղութիս կարիքաւոր պարագաներու «Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ։ «Decerco» հաստատութիւնը իր կարգին նուիրեց այս շաբթուայ ճաշին օգտագործուելիք մսեղէն եւ կանաչութիւն իր մօր՝ Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի հոգւոյն համար,տեղին է նշել ,որ ընկերուհի Նելլի Աղասարգիսեան AC մը նուիրեց մեր խոհանոցին ։ Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական…

Աւելին
«Ժողովուրդէն Ժողովուրդին»

«Ժողովուրդէն Ժողովուրդին» նշանաբանով՝ Լ.Օ.Խ.ի Շրզանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցը այս շաբաթ ալ պատրաստեց իրեն վիճակուած գաղութիս կարիքաւոր պարագաներուն «Տաք Ճաշը»։ Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութիւնն է որ կը հովանաւորէ այս նախաձեռնութիւնը։ Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան։ Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին։

Աւելին
Քարոզչական Յանձնախումբի «Կամաւորներու Օր»-ը Անգամ Մը Եւս Լուսարձակի Տակ Առաւ ԼՕԽ-ի Առաքելութիւնը

ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրուած երախտագիտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներ: ՀՕՄ-ի…

Աւելին
ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 7-11 հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնրէալի մէջ, Քանատա` մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 140 ունկնդիր ընկերուհիներու: Ժողովի մեկնարկի նախօրեակին, կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, տեղի…

Աւելին
ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»

ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»էն յատկացում կը ստանան մեր շրջանէն Թռչնոց Բոյնը, ՔԱՀԼ ծերանոցը եւ Զուարթնոց Կեդրոնը։ Չորեքշաբթի, 1Մարտ 2022-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց ՔԱՀԼ ծերանոց եւ Զուարթնոց Կեդրոն, ծանօթացման հանդիպումներ ունենալու տնօրէններուն հետ եւ յանձնելու ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»ի իւրաքանչիւրին յատկացումը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հաստատութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ներկայացուեցան ապագայ ծրագիրները։

Աւելին
Այցելութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիլվա Թագւորեան, Մայիս 2016-ի իր Լիբանան այցելութեան ընթացքին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ներկայ եղաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու կարգ մը ձեռնարկներուն եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ: Ան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի մատուցած սպասարկութեան, մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի եւ ԱՊԸԲ…

Աւելին
Ճափոնի դեսպանատան ֆինանսաւորումով երեք նոր ծրագիրներու իրագործում  ԼՕխ-ի «Ա.Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ

20 Մայիս 2016-ը իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվա Կիւլիւզեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ ԱՊԸԲ…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց «Ohio»-ի «The Presbytery Church»-էն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանի, ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Կիպրոսի մեկուսի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Մակի Մահտէսեանը: Ընկհ. Մահտէսեան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Ան հիացմունքով արտայայտուեցաւ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն մասին իսկ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերուն…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական նորընտիր վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ԼՕԽ-ի գործունէութեան հետ առնչուող զանազան նիւթեր:

Աւելին
Հաղորդագրութիւն. Այցելութիւն Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2015-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կարգ մը ընկերուհիներ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին, Հայ կաթողիկէ համայնքի նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններէն ետք, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին,ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի, յատկապէս ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը: Արծարծուեցան նաեւ զանազան նիւթեր, որոնք կ՛առնչուէին…

Աւելին
ՀՕՄ-ի 2–րդ միջ-վարչական ժողով Լոնտոն (2014)

Կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 2-րդ միջ-վարչական ժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 18-19, 2014-ին, Լոնտոն- Մեծն Բրիտանիա , ‘’Նաւասարդեան ‘’ Կեդրոնին մեջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Վիքի Մարաշլեանի եւԿՎ անդամ՝ ընկ.հիներ Լիզա Աւագեանի եւ Ալեսիա Բեջանյանի ,Ժողովին մասնակցեցան Հ.Օ.Մ.ի Լիբանանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի , Պուլկարիոյ, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի միաւորներու վարչականներ…

Աւելին
11 Լիբանանահայ պատանիներ կը մասնակցին ՀՕՄ-ի Խալքիտիքիի Ճամբարին

Երեքշաբթի, 8 յուլիս 2014-ին, Լիբանանէն 11 պատանիներ, պարմանուհիներ եւ օգնական մը մեկնեցան Յունաստան` մասնակցելու համար ՀՕՄ-ի պատանիներու փոխանակման ծրագիրին: Խալքիտիքիի ճամբարին բազմիցս մասնակցութիւն ունեցած են Լիբանանէն պատանի-պարմանուհիներ: Երեք շաբաթներու ընթացքին զանազան գաղութներէ հայ պատանի-պարմանուհիներ պիտի մէկտեղուին ՀՕՄ-ի հովանիին ներքեւ եւ միասնաբար հաճելի ժամեր անցընեն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ…

Աւելին
Աւստրալիոյ միաւորի սեմինար 2013

Առաջին անգամ ըլլալով Աւստրալիոյ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնած Սեմինար շրջապտոյտը 1-16 Մարտ , 2013ին, ուր ներկայ գտնուեցան Գանատայէն 13, Անգլիայէն 5, Լիբանանէն 7 ՀՕՄուհիներ և բարեկամներ ու նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Վիգի Մարաշլեանը, ընդամէնը 26 հոգի: Հակառակ որ թիւը շատ քիչ էր մասնակցողներուն, սակայն ընդհանուր տրամադրութիւնները և մթնոլորտը շատ բարձր…

Աւելին
ԼՕԽ-ականներու Մասնակցութիւն` ՀՕՄ-ի Կազմակերպած Նաւապտոյտին Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Մեծ Յաջողութեամբ Տեղի Ունեցաւ ՀՕՄ-ի Երրորդ Նաւապտոյտը

Հայ օգնութեան միութեան միջազգային երրորդ նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ յունիս 30-էն յուլիս 14-ի միջեւ, մասնակցութեամբ աւելի քան 210 ՀՕՄ-ականներու եւ հայ թէ օտար համակիրներու: ՀՕՄ-ի այս երրորդ նաւապտոյտը ներառեց եւրոպական զանազան ոստաններ: Անոր մասնակիցները հաւաքուեցան Մեծն Բրիտանիա, ուր ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը կազմակերպած էր թէ՛ գեղատեսիլ վայրերու շրջագայութիւններ, թէ՛ յատուկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին նաւապտոյտի մասնակիցներն ու…

Աւելին