24 Յուլիս 2014-ին իւրայատուկ իրագործում մը աւելցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ շրջանի բնակիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողքին գտնուող տարածքը, ուր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գետնայարկ նոր բարեզարդուած սրահի մը մէջ բացումը կատարուեցաւ «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան»-ին…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը կիրակի, 7 հոկտեմբերին կորսնցուց Պէյրութի « Մեղրի » մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանը, որ բովանդակ կեանքը ԼՕԽ-ի ճամբով իր ժողովուրդի ծառայութեան տրամադրելէ ետք, յետ մահու ծառայութեան օրինակ մըն ալ տուաւ, երբ իր ամբողջ ունեցուածքը կտակեց մարդասիրական մեր կազմակերպութեան՝ զայն տրամադրելու համար ծերերու, հիւանդներու, անօգնական պարագաներու եւ հայութեան…
Աւելին
